Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ անմիջապէս դադրեցուցած է Քանատայի հետ առեւտրական բոլոր բանակցութիւնները` Օթաուան ամբաստանելով տուրքերու դէմ քարոզչական արշաւի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ռանըլտ Ռեկընի յայտարարութիւնները «աղաւաղելու» մէջ:
«Հիմնուելով անոնց անպարկեշտ վարքագիծի վրայ, Քանատայի հետ բոլոր առեւտրական բանակցութիւնները կը դադրեցուին», յայտարարեց Թրամփ:
Միացեալ Նահանգներ Քանատայի գլխաւոր առեւտրական գործընկերն է: Քանատայի մէջ համախառն ներքին արտադրութիւնը այս տարուան երկրորդ եռամսեակին 1,5 առ հարիւրով նուազեցաւ, իսկ արտածումը 27 առ հարիւրի սուր անկում կրեց:
Թրամփ քանատական կարգ մը արտադրութիւններու դէմ տուրքեր հաստատեց, հակառակ այն իրողութեան որ երկու երկիրներուն միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնութիւն գոյութիւն ունի:


