Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմատ Հաժժարը եւ անոր հետ քննարկեց նախարարութեան տարբեր միաւորներուն մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին` յառաջիկայ մայիսին, կատարելու պատրաստութիւններու ընթացքը:
Նախարար Հաժժար յայտնեց. «Ներքին գործոց նախարարութիւնը լիովին պատրաստ է այս գործընթացը բացարձակապէս անկողմնակալ ու թափանցիկ պայմաններու մէջ կատարելու»:
Հանդիպումին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ երկիրի ապահովական կացութեան:


