Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենս երէկ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ անոր գրասենեակին մէջ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Անհամբեր կը սպասեմ Նեթանիահուի հետ աշխատելու Կազայի խաղաղութեան ծրագիրին եւ Կազան վերաշինելուն վրայ»:
«Իսրայէլ Միջին Արեւելքի մէջ կարեւոր դեր պիտի խաղայ», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը:
«Աշխատանք կը տանինք Կազայի վերաբերեալ խաղաղութեան ծրագիրը յառաջ մղելու», նշեց ան:
«Կազայի վերաշինութիւնը դիւրին պիտի չըլլայ, եւ պէտք է Համասը զինաթափել», յայտնեց Վանս` աւելցնելով. «Շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար Աբրահամեան համաձայնութիւններուն մէջ իրագործուածին վրայ պիտի կառուցենք»:
Նեթանիահու իր կարգին նշեց. «Աշխարհը սկսաւ փոխուիլ շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու հետ գործընկերութեան»:
«Հզօր Իսրայէլ մը Ամերիկայի շահերուն պիտի ծառայէ, եւ հզօր Ամերիկա մը մեր շահերուն պիտի ծառայէ», յայտնեց Իսրայէլի վարչապետը:


