Հայկական կառոյցներու շրջագայութեան եւ անոնց գործունէութեան ու դժուարութիւններուն ծանօթանալու նախաձեռնութիւնը կը շարունակուի:
Այս ծիրին մէջ, հինգշաբթի, 23 հոկտեմբեր 2025-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի եւ ընկերակցութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի քարտուղար Ճորճ Գրիգորեանի եւ անդամ` նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեանի, այցելեց «Վահան Թէքէեան» վարժարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ դպրոցի տնօրէն Սեւանայ Սեմերճեան-Տարագճեանի հետ:
Ապա պատուիրակութիւնը այցելեց Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան եւ հանդիպեցաւ տնօրէն Արամ Գարատաղլեանի հետ:
Զոյգ հանդիպումներուն Պալապանեան յայտնեց, որ այս նախաձեռնութեան նպատակն է ոչ միայն մօտէն ծանօթանալ կառոյցներու գործունէութեան, այլեւ ախտաճանաչել դժուարութիւնները: Ան յայտնեց, որ նախաձեռնութիւնը կը հետապնդէ համահայկական նպատակ` Լիբանանի սահմաններուն մէջ, ինչ որ հիմք կրնայ հանդիսանալ համագործակցութեան:
Տնօրէնները իրենց կարգին ներկայացուցին դպրոցներուն գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկուեցան հայկական վարժարաններուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն լուծման ելքերը:
Յայտնենք նաեւ, որ պատուիրակութիւնը հանդիպումներէն ետք շրջեցաւ դպրոցներու տարածքները` աւելի մօտէն ծանօթանալով անոնց գործունէութեան եւ դժուարութիւններուն:


