Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբի` Մեքանիզմի նոր պետ ամերիկացի զօրավար Ճոզըֆ Քլիրֆիլտը, որուն կ՛ընկերակցէր Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան գործավար Քիթ Հանինկըն:
Նախագահ Աուն նշեց, որ անհրաժեշտ է կեանքի կոչել Մեքանիզմի յանձնախումբի աշխատանքը` վերջ տալու համար Լիբանանի վրայ իսրայէլեան իրերայաջորդ յարձակումներուն եւ նոյեմբեր 2024-ին գոյացած զինադադարի համաձայնութեան խախտումներուն:
«Լիբանան, որ յայտարարուելէն ի վեր յարգեց զինուորական արարքներու դադրեցման համաձայնութիւնը, մեծ յոյսեր կը կապէ հսկողութեան յանձնախումբի աշխատանքին վրայ` օգնելու հարաւային Լիբանանի շրջանին մէջ կայունութեան վերականգնման եւ արգիլելու համար իսրայէլեան յարձակումները, որոնք անարդարանալի եւ անընդունելի են, մանաւանդ որ կը թիրախաւորեն քաղաքայինները, առեւտրական ու ճարտարարուեստական եւ այլ հաստատութիւնները», նշեց նախագահը:
Աուն ըսաւ, որ լիբանանեան բանակը Լիթանի գետէն հարաւ գտնուող շրջանին մէջ իր պարտաւորութիւնները ամբողջական կերպով կը կատարէ եւ օրէ օր կ՛ամրապնդէ իր տեղակայումը:
Ան կոչ ուղղեց ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի հեռանայ իր գրաւած հողերէն` բանակին արտօնելու համար մինչեւ հարաւային միջազգային սահմաններ տեղակայուիլ:
Զօր. Քլիրֆիլտ իր կարգին յայտնեց, որ Մեքանիզմի յանձնախումբի ժողովները «կանոնաւոր կը դառնան` հարաւային Լիբանանի մէջ թշնամական արարքներու դադրեցումը ամրապնդելու ուղղութեամբ աշխատելու համար»:
Ան նշեց, որ այդ նպատակի իրագործման համար շարք մը քայլեր մշակուած են:
Ամերիկացի զօրավարը նաեւ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, ինչպէս նաեւ վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ:


