Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցով նախարար Եուսեֆ Ռաժժի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որ Ռաժժիին յանձնեց Սէուտական Արաբիոյ 1 հոկտեմբեր 2030-էն 31 մարտ 2031 հիւրընկալելիք «Էքսփօ Ռիատ 2030» ցուցահանդէսին մասնակցելու Լիբանանի ուղղուած հրաւէրը:
Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ հանդիպումը առիթ եղաւ քննարկելու Լիբանանի եւ շրջանին մէջ քաղաքական ու ապահովական վերջին զարգացումները:
Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով շեշտեց. «Լիբանանին ուղղուած այս հրաւէրը երկու եղբայրական երկիրները զիրար միացնող յարաբերութիւններու խորքէն կու գայ»:
«Անհամբեր կը սպասենք ձեր եղբայրական երկրի ազդու մասնակցութեան, որպէսզի նպաստէ ցուցահանդէսի հարստացման եւ արտացոլէ տարբեր ոլորտներու մէջ ձեր երկրի իւրայատկութիւնը, եւ փառատօնը ըլլայ աշխարհէն ու աշխարհի համար», նշեց դեսպանատունը:
Միւս կողմէ, Ռաժժի ընդունեց Լիբանանի մէջ Մարոքի դեսպան Մոհամետ Քարինը:
Արծարծուեցան երկու երկիրներուն միջեւ բոլոր ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ ամրապնդելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ անապատին առնչուած խնդիրի վերջին զարգացումները:
Ռաժժի վերահաստատեց Մարոքի գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան աջակցող Լիբանանի դիրքորոշումը: