Խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարեց դիւանի, երկու քարտուղարներու, երեք յանձնակատարի եւ յանձնախումբերու անդամներու ընտրութեան յատկացուած լիագումար ժողով մը, որուն ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի դարձեալ ընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ, ինչպէս նաեւ ընտրուեցաւ խորհրդարանական գաղթականներու հարցերու յանձնախումբի նախագահ եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար: