Իսրայէլեան բանտերուն մէջ գտնուող լիբանանցի գերիներու հարազատներու պատուիրակութիւնը, Գերիներու եւ ազատագրուածներու լիբանանեան միութեան ընկերակցութեամբ պաշտօնական յուշագիր մը յանձնեց Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան նախագահ Անպիպս Տորի:
Ըստ «Մուֆաքիրա Քանունիա»-ի, ընտանիքները իրենց յուշագիրին մէջ պահանջած են իմանալ իրենց զաւակներուն ճակատագիրը եւ անոնց կալանաւորման վայրն ու պայմանները ճշդել, ինչպէս նաեւ անոնց հետ հաղորդակցիլ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի լիազօրութեան համաձայն:
Անոնք իրենց յուշագիրին մէջ նաեւ յիշեցուցին միջազգային մարդասիրական օրէնքին իսրայէլեան մեծ խախտումները:
Յուշագիրը ներկայացուց իրենց կալանաւորման առաջին պահէն գերիներուն ենթարկուած ֆիզիքական ու հոգեկան չարչարանքները:
Պատուիրակութիւնը Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին փոխանցեց, թէ Հասան Եուսեֆ Քաշքուշը ներառած է Իսրայէլի մօտ գտնուող գերիներու ցուցակին վրայ` հիմնուելով վկայութեանը վրայ ազատագրուած պաղեստինցի գերիի մը, որ անոր հետ կը գտնուէր Աուֆար եւ Նաֆհէ բանտերու երկու խուցերու մէջ:
Այդպիսով, Իսրայէլի մօտ գտնուող լիբանանցի գերիներու եւ պատանդներու թիւը բարձրացած է 20-ի: