Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի նախագահ Ժորժ Ատուան խորհրդարանի երէկ գումարուած նիստի աւարտէն ետք յայտնեց. «Կը պնդենք ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելու վրայ, եւ արտերկիր գտնուողներու քուէարկութեան վերաբերեալ լուծումը կառավարութեան կողմէ պատրաստուած եւ խորհրդարանին ուղարկուած օրինագիծին ճամբով է»:
Ատուան հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամին կոչ ուղղեց` «արտաքին գործոց նախարարին կողմէ առաջարկուած օրինագիծը օրակարգի վրայ առնելու եւ անոր շուրջ քուէարկութիւն կատարելու»:
«Վիճայարոյց խնդիրները (խորհրդարանի) լիագումար նիստին պէտք է ներկայացնել, եւ պիտի յարգենք անկէ բխող որեւէ որոշում, սակայն պիտի չընդունինք, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ անորոշութեան մէջ մնանք», աւելցուց երեսփոխանը: