Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայաստանի քաղաքական կեանքը կը շարունակէ պղտորիլ: Ձերբակալութիւններու ալիքի մը ստեղծած շփոթը չմարած, նոր մը կը հրամցուի: Բոլորին պարագային տեղի կ՛ունենան պաշտօնատեղերու բնակարաններու խուզարկութիւններ եւ ցուցադրական ձերբակալութիւններ: Կը ստեղծուի տպաւորութիւն, որ երկրին մէջ կան չարագործներ, որոնք կը գործեն օրէնքներու շրջանցումով, պաշտօնին ընձեռած հնարաւորութեամբ` ազդեցութիւն կը բանեցնեն, դրամ կը շորթեն, կաշառք կը ստանան կամ կաշառք կու տան: Բոլոր ձերբակալուողները հանրային կարեւոր գործիչներ են. գործարար, բարձրաստիճան եկեղեցական, քաղաքապետ, պետական կամ կրօնական հաստատութիւններու կարեւոր պաշտօնեաներ:

Սովորական քաղաքացէ մը կ՛ակնկալուի, որ գոհունակութեամբ հետեւի կատարուածին. իշխանութիւնները կը մաքրագործեն հանրային միջավայրը բոլոր չարաշահողներէն, առանց նկատի ունենալու անոնց դիրքը եւ պաշտօնը: Սակայն, նոյն սովորական քաղաքացիներէն անոնք, որոնք իրենց հրամցուած լրատուութիւնները եւ անոնց կցուած մեկնաբանութիւնները սովոր են վերապահութեամբ իմանալու, իրաւամբ հարց կու տան, թէ ի՞նչ պատահած է, որ այսպէս յանկարծ, ԱԱԾ-ն (Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը) եւ դատախազութիւնը աշխուժացած են ու անխնայ կը հարուածեն այն բոլոր միջավայրերը, որոնք կը հակադրուին իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան, որ «խաղաղութեան խաչմերուկ» կը կոչուի: Մեղադրանքները եւ ամբաստանութիւնները յայտնապէս քաղաքական երանգ չունին. սովորական չարագործներ (եպիսկոպոսներ) կը մեկուսացուին իրենց անօրինական գործունէութեան պատճառով, սակայն կարիք չկայ ուշադիր դիտող ըլլալու, նկատելու համար, որ ձերբակալուածները  հանրային կեանքին մէջ իշխանութիւններու վարքագիծը քննադատողներ են:

Ինչի՞ հիման վրայ կը կատարուին հետապնդումները: Անոնցմէ առաջինը հանրային յայտարարութիւններն են. մամուլի ասուլիս, տեսակցութիւն, լրագրողներու հետ զրոյց, եւ այլն: Եթէ հրապարակային այդ ելոյթներուն մէջ իշխանութիւններու փոփոխութեան պահանջ ըլլայ, ելոյթը կը մեկնաբանուի իբրեւ իշխանութիւնը բռնի փոխելու հակասահմանադրական արարք եւ կ՛արժանանայ համապատասխան վերաբերումի: Կատարուած «կոչը» որեւէ գործնական հետեւանք ունեցա՞ծ է կամ ոչ, նշանակութիւն չունի: Խօսքը կը բաւէ, նոյնիսկ անորոշ խօսքը կը բաւէ հետապնդում յառաջացնելու համար: Հիմա հարց տանք. իրաւական պետութեան մէջ ո՞ւր մնաց խօսքի ազատութիւնը: Խօսքի ազատութեան համընդհանուր սկզբունքը, որ մարդկային իրաւունքներու ողնաշարն է, նման մեկնաբանութիւն չի հանդուրժեր:

Երկրորդ միջոցը նորահնար է եւ այժմէական: Լսատեսողական մարզին մէջ ճարտարագիտութեան յառաջխաղացքը կարելիութիւն կու տայ լսելու (նաեւ տեսնելո՞ւ) ամէն խօսակցութիւն, հանդիպում, ժողով, խորհրդակցութիւն եւ այլն: Գաղտնալսումներէն կարելի է քաղել ասոյթներ, նախադասութիւններ, իրարու միացնել տարբեր նախադասութիւններու մասեր եւ ահա՛, յայտնաբերել մութին մէջ կատարուող ապօրինի գործողութիւններու ծրագրեր: Ինչպէ՞ս կ՛ուզէք, որ իշխանութիւնները չկանխեն սպասուող «ահաբեկչութիւնը» կամ հակապետական գործողութիւնը: Բայց անգամ մը եւս հարց տանք. նման կարծեցեալ խօսակցութիւնները որեւէ գործնական հետեւանք ունեցա՞ծ են: Իսկ ինչպէ՞ս հաշտեցնենք անձերու միջեւ խօսակցութիւններու գաղտնալսումները կրկին մարդու իրաւունքներու ու նոյնինքն Հայաստանի Սահմանադրութեան քաղաքացիներու անհատական կեանքի գաղտնիութեան սկզբունքին հետ: «Կանխելու» թէական պատճառաբանութիւնը չի կրնար արդարացում ըլլալ, մտածումը, խօսքը, նոյնիսկ մտադրութիւնը եթէ չեն վերածուած յանցաւոր գործողութեան, տեսանելի երեւոյթի մը, չեն կրնար դատական հետապնդումի, այն ալ` քրէական, առարկայ դառնալ:

Ինչո՞ւ կը պատահին այս ապօրինութիւնները: Բազմիցս նկատել տուած ենք, որ շարունակական ապօրէն տագնապներու ստեղծումը նպատակ ունի քողարկելու իշխանութիւններու քաղաքական մարզին մէջ սպասուող նոր նախաձեռնութիւն մը: Անհեթեթ ամբաստանութիւններով փորձ կը կատարուի անգամ մը եւս քաղաքական հանրութեան ուշադրութիւնը շեղել իրական տագնապէն: Ժողովուրդը դժգոհ է կատարուած զիջումներէն: Ժողովուրդը չի հասկնար, թէ ինչո՛ւ արցախցիներու վերադարձը կը խոչընդոտէ խաղաղութիւնը: Ժողովուրդը չի հասկնար, որ իշխանութիւնները լուռ են, երբ Արցախի հայկական դիմագիծը կ՛աղաւաղուի, երբ ռազմաքաղաքական ղեկավարները կը դատուին, երբ գերեվարուածները չեն վերադառնար: Ժողովուրդը չի հասկնար, թէ ինչո՞ւ ոչինչ կը նախաձեռնուի Հայաստանէն գրաւուած տարածքները ազատագրելու համար: Ժողովուրդը ըմբռնած է «խաղաղութիւն» կոչուած խաբկանքին անիրական ըլլալը: Ժողովուրդը գիտէ այլեւս, որ սուտին պոչը կարճ կ՛ըլլայ:

Մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէ սուտի, խաբէութեան եւ հանրային կարծիքի շեղման ողբերգութիւնը: Սուտին պոչը կարճ կ՛ըլլայ, կ՛ըսէ առածը:

 

 

Նախորդը

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Յաջորդը

Ռոնալտօ Կը Շարունակէ Նշանակել

RelatedPosts

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?