Սէրը ընտրութիւն մըն է:
Ան ո՛չ կը պարտադրուի եւ ո՛չ ալ կը յափշտակուի: Սէրը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` այն, ինչ որ Աստուած մեզմէ կ՛ակնկալէ ու կը ցանկայ:
Սիրուելու համար չես կրնար մարդը պարտադրել: Սէրը բան մըն է, որ ազատօրէն պէտք է տրուի: Սէրը կը սնուցանուի ու կը խնամուի եւ ոչ թէ մէկ վայրկեանի մէջ ձեռք կը ձգուի: Սէրը մշտական աշխատանք մըն է: Օրինակ` ամուսնութեան օրը ամուսնացեալ զոյգը մեծ սէր կ՛ունենայ: Բայց այդ օրը սիրոյ գագաթնակէտը չէ: Ոչ ալ խորանին առջեւ յայտարարուած սէրը ամբողջ կեանքի տեւողութեան սիրոյ թարգմանութիւնն է: Սիրոյ համար պէտք է աշխատանք տարուի եւ խորացուի: Զոյգին ամուսնութեան օրը սիրոյ ընտրութիւնը կը մնայ պարզապէս ընտրութիւն մը, եւ կ՛ակնկալուի, որ ատիկա շարունակուի այդպէս մնալ իրենց կեանքի ողջ տեւողութեան:
Սէրը չի կրնար ըլլալ ստիպողաբար կամ պարտադրաբար: Ինչպէս առիթով մը խորհրդածեցինք` «Սիրոյ մէջ վախ չկայ»: Չես կրնար ստիպել, որ մարդ սիրէ ուրիշը: Կարելի է ըսել, որ սէրը կրնաս շահիլ: Գիտենք, որ վստահութիւնը կը շահիս, իսկ վստահութիւնը նախապայմանն է սիրոյ: Սէրը կը տրուի տուող մարդուն կողմէ: Այսպիսով, սէրը կը դառնայ պարգեւ: Շատ բաներ հարկադրաբար կը կատարենք, գուցէ որոշեմ ինքնաշարժիս վառելանիւթ գնել, որոշումս կը կատարեմ այն մտավախութեամբ, որ տեղ մը կրնամ անօգնական մնալ, եթէ չգնեմ: Ուստի, օրուան ընթացքին կրնամ շատ բաներ ընել «ընտրովի»: Բայց մեծաւ մասամբ այդ ընտրութիւնները տեսակ մը պարտադրանքի տակ կը մնան: Մինչդեռ սէրը ընտրութիւն է, իւրաքանչիւր անգամ որ կը տրուի, եւ չի՛ կրնար բռնի ուժով տրուիլ: Յարգանքն ու հնազանդութիւնը կրնան պարտադրուիլ, բայց` ո՛չ սէրը: Սէրը ընտրութիւն մըն է:
Սէրը չի կրնար խլուիլ: Կրնամ կորսնցնել առողջութիւնս, գործս, ունեցուածքս, բայց ոչ մէկ բան կրնայ ինձմէ խլել ուրիշները սիրելու կարողութիւնը: Եւ մանաւանդ` Աստուած սիրելու կարողութիւնը: Պօղոս առաքեալը հռոմէացիներուն գրած իր նամակին մէջ կ՛ըսէ. «Որովհետեւ համոզուած եմ, որ ո՛չ մահը եւ ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ չար ոգիներու իշխանութիւնները, ո՛չ ներկան եւ ո՛չ գալիքը, ո՛չ ալ որեւէ զօրութիւն, ո՛չ վերին եւ ո՛չ ալ ներքին աշխարհները, ո՛չ ալ ուրիշ ստեղծագործութիւն մը կրնայ մեզ բաժնել Աստուծոյ սէրէն, որ մենք ճանչցանք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով» (Հռ 8. 38-39):
Եթէ զԱստուած սիրել ընտրենք, ոչինչ կրնայ այդ սէրը մեզմէ խլել: Եթէ ընտրենք սիրել մեր կողակիցը կամ մեր զաւակը, կամ մտերիմ բարեկամ մը, ոչ ոք կրնայ մեզմէ առնել այդ սիրոյ զգացումը: Նոյնիսկ եթէ ուրիշը մեզ չսիրէ, ատիկա ոչ մէկ կերպով կ՛ազդէ ուրիշը սիրելու մեր կարողութեան վրայ:
Սէրը զոհի ընծաներ չի կամենար, այլ` այն, ինչ որ Աստուած կը փափաքի մեզմէ: Անոր փափաքն է, որ սիրենք զԻնք ու սիրենք զիրար: Աստուած զոհի ընծաներ չի՛ կամենար, այլ` սրտի զոհողութիւններ: Դաւիթ մարգարէ կը գրէ. «Եթէ զոհ կամենայիր, պիտի մատուցանէի, բայց ողջակէզ դուն չե՛ս ուզեր: Ուզած զոհդ զղջումով լի հոգի մըն է, ո՛վ Աստուած, հետեւաբար մի՛ մերժեր զղջումնալից եւ ընկճուած իմ սիրտս» (Սղ 51. 16-17):
Սէրը չի գնուիր: Քանի՜ քանիներ դարերու ընթացքին Աստուծոյ համար կառուցած են կոթող-յուշարձաններ` կարծելով, թէ` «Վստահաբար Աստուած պիտի հաճի իմ նիւթական ընծայիս»: Բայց սէրը սրտէն կը բխի եւ կ՛արտայայտուի: Այդ արտայայտութիւնը կրնայ նուէրներով ըլլալ, բայց սէրը սրտէն կու գայ, եւ Աստուած սիրտը կը ճանչնայ: Սաղմոսին մէջ կը կարդանք. «Եթէ մոռցած ըլլայինք մեր Աստուծոյ անունը, եւ կամ օտար աստուածներ եթէ պաշտած ըլլայինք, Աստուած` Ի՛նքը պիտի չգիտնա՞ր, Ինք, որ գիտէ սիրտերուն գաղտնիքները» (Սղ 44.20-21): Այո՛, Աստուած գիտէ, եթէ երբեք մեզ մղողը սէրն է, կամ ուրիշ բանէ մղուած կը գործենք:
Կայ նաեւ չսիրելու ընտրութիւն: Երբ մենք դիտումնաւոր կերպով վատ կը վարուինք ուրիշին հետ, սէր ցոյց չտալ կ՛ընտրենք: Այստեղ մենք գիտակից ընտրութիւն է, որ կը կատարենք: Եթէ ես որոշեմ ուրիշի մը մասին չարախօսել, ուրեմն չսիրել ընտրած կ՛ըլլամ: Ըսենք, թէ կայ մարդ մը, զոր չեմ սիրեր, կամ նոյնիսկ չեմ յարգեր ու վստահութիւն չունիմ անոր նկատմամբ, ինչ որ կը նշանակէ` «չեմ սիրեր» զինք, անոր հետ մտերմիկ յարաբերութիւն ունենալու իմաստով: Բայց տակաւին կ՛ենթադրուի, որ սէր ցուցաբերեմ անոր հանդէպ: Համբերութեան կերպի մէջ աստուածանման սէր պէտք է ցուցաբերեմ: Անշուշտ ասիկա մեծ պահանջ մըն է, եւ շատեր, ներառեալ` անձս, միշտ կը ձախողինք: Բայց երբ դէմ յանդիման կը գտնուինք անձի մը, որ մեզի հանդէպ սէր չի ցուցաբերեր, աստուածային եւ աստուածահաճ բանը, զոր կրնանք ընել որեւէ կերպով, սէր ցուցաբերելն է:
Սուրբ Հոգւոյ միւս պտուղներուն նման (Տես` Գղ 5.22-24), սէրն ալ կը զարգացնենք` Աստուծոյ հետ ներդաշնակ գործելով: Աստուած ցոյց տուաւ մեզի կերպը, թէ ինչպէ՛ս պէտք է սիրենք: Ան բնածին կարողութիւն տուած է մեզի: Ուստի սիրելը այժմ մեր ընտրութիւնն է` սիրել զԱստուած եւ սիրել մեր նմանը:
Սէրը ընտրութիւն մըն է:
Աղօթք
Տէ՛ր, օգնէ՛ ինծի, որ այսօր սէր ընտրեմ: Օգնէ՛ ինծի, որ քեզ նման դժուարութեանս պահերուն սէր յիշեմ: Օգնէ՛ ինծի, Տէ՜ր, որ սիրեմ, երբ շրջապատուած եմ մարդոցմով, որոնք ինծի հանդէպ սէր չեն ցուցաբերէր: Օգնէ՛ ինծի, որ զօրացնեմ յարաբերութիւնս թէ՛ Տիրոջդ հետ, եւ թէ՛ շուրջիններուս հետ, այսօր եւ միշտ: Ամէն:
2-10-2025
Հալէպ