Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 22, 2025
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Արցախցիներուն Սատարելու Նպատակով` «Արցախը Իմ Սրտում» Անունով Նոր Բարեսիրական Հիմնադրամ

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Նժդեհ Իսքանտարեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ նկատի ունենալով, թէ ներկայ իշխանութենէն որեւէ ակնկալութիւն չունին, որովհետեւ անոնց համար Արցախի հարցը փակուած  է, արցախցիներու վերադարձի հարցը գոյութիւն չունի ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի գոնէ արցախցիներուն արտագաղթը կասեցնեն:

«Իրենք կը հասկնան, որ արցախցիները մնալով Հայաստանի մէջ` վերադարձի հարցը պիտի ըլլայ օրակարգի վրայ: Օրուան ընթացքին մեզի կը դիմեն բազմաթիւ արցախցիներ, որոնք մնալու տեղ չունին: Կանգնած ենք լրջագոյն մարտահրաւէրներու առջեւ: Այս մտահոգիչ է: Բախուելով բազմաթիւ հարցերու` մենք որոշեցինք կեանքի կոչել նախաձեռնութիւն մը, որ ծնած է ոչ թէ գաղափարէ, այլ` կարիքէ: Ստեղծած ենք «Արցախն իմ սրտում» բարեգործական հիմնադրամը, որուն հիմնական նպատակն է օգնել արցախցի տեղահանուած կամ զոհուածներու ընտանիքներու, առաջին եւ երկրորդ կարգի հաշմանդամութիւն ունեցող մարդոց, պայթիւնի զոհ դարձած ընտանիքները եւս պիտի ներառենք: Կ՛ուզեմ կոչ ուղղել մեր հանրութեան, որուն համար Արցախի հարցը փակուած չէ, սատարել արցախցիներուն: Առաջին հերթին կը դիմեմ արցախցի այն գործարարներուն, որոնք երկար տարիներ գործարարութեան յաջողած ծրագիրներ ունեցած են Արցախի մէջ, ի հարկէ որոշակի արտօնութիւններով, ժամանակն է, որ իրենք առաջինը գան եւ հայրենակիցներուն կողքին կանգնին: Կոչով եւ խնդրանքով կը դիմեմ Հայաստանի նախկին նախագահներուն` Ռոպերթ Քոչարեանին եւ Սերժ Սարգսեանին, երկար տարիներ անոնք ղեկավարած են Հայաստանի Հանրապետութիւնը, եւ վստահ եմ, որ իրենք ունին այն կապը, որ կրնայ նպաստել, որպէսզի արցախցիներուն հարցերը մեղմացնենք: Կը դիմենք նաեւ մեր հայ բարերարներուն` Գագիկ Ծառուկեանին,  Սամուէլ Կարապետեանի ընտանիքին` շատ լաւ գիտակցելով իրենց այսօրուան կացութիւնը, կը դիմենք սփիւռքի մէջ մեր հայրենակիցներուն` սատար կանգնելու եւ միասին լուծելու  առկայ հարցերը», յայտնեց Իսքանտարեան:

Digitec-2025 Արհեստագիտական Ցուցահանդէսը` Երեւանի

Տեղական եւ միջազգային ընկերութիւններ ներկայացուցած են իրենց նորարարութիւնները Հայաստանի ամենամեծ արհեստագիտական իրադարձութիւնը` DigiTec-2025 ցուցահանդէսը, որ այս տարի կը նշէ իր 20-ամեակը, հոկտեմբեր 10-ին իր դռները բացած է հանրութեան առջեւ Երեւանի «Մերիտեան էքսփօ» կեդրոնին մէջ: Ամէնամեայ այս հեղինակաւոր ձեռնարկը մէկ երդիքի տակ համախմբած է աւելի քան 250 տեղական եւ միջազգային ընկերութիւններ, որոնք երեք օր ներկայացուցին իրենց արտադրանքներն ու նորարարական լուծումները:

Բացման պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուած են կառավարութեան անդամներ, դիւանագէտներ եւ արհեստագիտութեան ոլորտի առաջատարներ: Իր բացման խօսքին մէջ Հայաստանի բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդգծած է ցուցահանդէսին կարեւորութիւնը` Հայաստանը իբրեւ տարածաշրջանի արհեստագիտական կեդրոն դիրքաւորելու եւ տեղական տաղանդը միջազգային շուկային ներկայացնելու առումով:

Ցուցահանդէսի տաղաւարները ընդգրկած են ոլորտի լայն շրջանակ մը` արհեստական բանականութենէն, համացանցային անվտանգութենէն մինչեւ ֆինանսական արհեստագիտութիւններ (FinTech), կրթական լուծումներ եւ ռազմական արդիւնաբերական ոլորտի վերջին նուաճումները: Այցելուները առիթ կ՛ունենան ծանօթանալու հայկական start-up-ներու նորարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ` միջազգային հսկաներու առաջարկած լուծումներուն:

DigiTec-ը միայն ցուցահանդէս մը չէ, այլ նաեւ գործարար կապեր հաստատելու, ներդրումներ ներգրաւելու եւ երիտասարդ սերունդը ներշնչելու կարեւոր հարթակ մըն է: Ցուցահանդէսը, որ իր դռները փակեց հոկտեմբեր 12-ին, ունէր հարուստ օրակարգ` համաժողովներ, սեմինարներ եւ գործնական հանդիպումներ:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը` Ի Դէմս Մատենադարանի, Դարձաւ Մշակութային Ժառանգութեան Պահպանման Աջակից. Ժ. Անդրէասեան

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան ներկայ գտնուած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտական հետազօտական հիմնարկին մէջ «Յիշողութեան կերպարանքները» 14-րդ միջազգային ամէնամեայ գիտական գործնական սեմինարի բացման:

Նախարարը ողջունած է ներկաները` նշելով, որ Մատենադարանը իրապէս կը դառնայ միջազգային հարթակ` տպագիր եւ ձեռագիր ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ: Նախարարը յատկապէս կարեւոր համարած է սեմինարի ընդլայնուող աշխարհագրութիւնը:

«Մատենադարանը աշխուժօրէն ներգրաւուած է գրաւոր ժառանգութեան պահպանման գործընթացին մէջ, յատկապէս` այնպիսի տարածքներու մէջ, որոնց մէջ հակամարտութեան եւ հանգուցային իրավիճակները լրացուցիչ վտանգներ եւ մարտահրաւէրներ կը յառաջացնեն մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցին մէջ: Այսպիսով, Հայաստանի Հանրապետութիւնը` ի դէմս Մատենադարանի, կը դառնայ մշակութային ժառանգութեան պահպանման աջակից: Յառաջիկային Մատենադարանը պիտի հիւրընկալէ նաեւ Պաղեստինի վտանգուած մշակութային ժառանգութիւնը` ցոյց տալով, որ մեր ցանկութիւնն ու յանձնառութիւնը չեն սահմանափակուիր որեւէ խոչընդոտով», ըսաւ նախարարը:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական ձեռագրական կեդրոններու ներկայացուցիչներուն ամէնօրեայ ջանքի համար` ուղղուած տարբեր հայագիտական կեդրոններու մէջ ամփոփուած վիթխարի ժառանգութեան պատշաճ պահպանութեան եւ հետագայ սերունդներուն փոխանցման: Նախարարը վերահաստատած է պետութեան յանձնառութիւնը` շարունակաբար աջակցելու պատմական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Մատենադարանի աշխատակազմին եւ գործընկեր կազմակերպութիւններուն` հետեւողական համագործակցութեան եւ աջակցութեան համար:

«Վստահ եմ` ձեւաւորուած միջավայրը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ Մատենադարանին մէջ իրականացնել ամէնէն բարձր մակարդակի վերականգնման աշխատանքներ, եւ այս իմաստով շատ կարեւոր է նաեւ գիտական եւ հետազօտական ոլորտի համագործակցութիւնը», եզրափակեց Ժաննա Անդրէասեան:

Ներկաները ողջունեց նաեւ Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան` շնորհակալութիւն յայտնելով գործընկերներուն աջակցութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղուած միացեալ աշխատանքներու իրականացման  պատրաստակամութեան համար:

«Յիշողութեան կերպարանքները. ձեռագիր եւ տպագիր ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման նորագոյն արհեստագիտութիւնները» միջազգային սեմինարին մասնակցեցան մօտաւորապէս 20 երկրի աւելի քան 30 վերականգնողներ, հեղինակաւոր գրադարաններու, արխիւներու եւ թանգարաններու ղեկավարներ: Ձեռնարկը նպատակ ունի նպաստել ոլորտի պատասխանատուներուն` վերականգնողներու եւ ֆոնտապահներու իրազեկուածութեան բարձրացման, փորձառութեան փոխանակման, նորագոյն արհեստագիտութիւններու եւ մեթոտներու արդիւնքներու հասանելիութեան` ամրապնդելով միջազգային գրաւոր ժառանգութեան հանդէպ միասնական պատասխանատուութեան  գիտակցումը:

Սեմինարի ընթացքին միջազգային գործընկերներուն պիտի ներկայացուին  Մատենադարանի կենսաքիմիական տարրալուծարան եւ վերականգնողական թուղթի նորաստեղծ արտադրամասը, որ հիմնուած է «ԱրարատԲանկ»-ի աջակցութեամբ:

Բացման պաշտօնական մասին յաջորդեց «ԱրարատԲանկ»-ին` իբրեւ աջակիցի, «Բարերար Մատենադարանի» ոսկէ մետալի շնորհման եւ պատուոյ կամարին վրայ հաստատութեան անունը յաւերժացնելու հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Մինասի «Ողբ-1915» Գեղանկարը` Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան–Հիմնարկին Մէջ

Գերմանաբնակ Հախնազարեաններու ընտանիքն ու անոնց բարեկամները այսօր Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ այցելեցին կարեւոր առաքելութեամբ մը: Մարգրիտ Հախնազարեան եւ անոր դուստրերը` Թալինն ու Շարիսը, թանգարան-հիմնարկին իբրեւ նուիրատուութիւն յանձնեցին Մինաս Աւետիսեանի «Ողբ-1915» գեղանկարը, որ 2000-ականներու սկիզբը գնած էր ընտանիքին հայրը` ճարտարապետ Արմէն Հախնազարեանը: Շուրջ 25 տարի Մինասի վաղ շրջանի այս ստեղծագործութիւնը Հախնազարեաններու ընտանեկան հաւաքածոյին մաս կազմած է:

«Այս նկարին նուիրատուութիւնը մեր թանգարանին համար միայն հաւաքածոյի հարստացում չէ. այդ քայլ մըն է դէպի յիշողութեան պահպանումը եւ փոխանցումը: Անիկա այն վկայումն է, որ արուեստը կրնայ դառնալ կամուրջ մը` անցեալի եւ ներկայի զոհերուն ու վերապրածներուն, յիշողութեան եւ արդարութեան միջեւ», ողջունելով հիւրերը եւ շնորհակալութիւն յայտնելով Հախնազարեաններու ընտանիքին` ըսաւ թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Էդիտա Գզոյեան:

Մարգրիտ Հախնազարեան ընդգծեց, որ իրենց համար այս օրը կարեւոր ու յիշարժան է, եւ այսօրուընէ թանգարան-հիմնարկը իրենց ընտանիքին ու հարազատներուն հայաստանեան այցելութիւններուն կարեւոր մասը պիտի դառնայ: Ան պատմեց ամուսինին մեծ ընտանիքին ողբերգական պատմութիւնը: Արմէն Հախնազարեանի պապը` Յարութիւն Հախնազարեան, կինը, 10 եւ 12 տարեկան դուստրերը, 15 տարեկան որդին ու զարմիկը Նախիջեւանի Ագուլիս գիւղի 1919 թուականի դեկտեմբեր 24-25-ին եղած են Ցեղասպանութեան զոհերէն:

Ընտանիքի անդամներէն հրաշքով փրկուած են միայն Արմէնի հայրը` 18-ամեայ Յովհաննէս Հախնազարեանն ու անոր աւագ քոյրը` Համասփիւռը, որ այդ ժամանակ կ՛ուսանէր Թիֆլիսի մէջ:

Եւ որովհետեւ Ագուլիսի մէջ ոչնչացուած է հայկական գերեզմանատունը, եւ չկայ որեւէ յուշարձան, տիկին Մարգրիտն ու դուստրերը որոշած են Մինասի այս գեղանկարը նուիրել իրենց ընտանիքի ու Ագուլիսի ցեղասպանութեան բոլոր զոհերուն յիշատակին: Թանգարանի տնօրէն Էդիտա Գզոյեան կարդաց այդ ամբողջ տեղեկութեան ամբողջական բովանդակութիւնը եւ ըսաւ, որ ցուցադրութեան ժամանակ ան զետեղուած պիտի ըլլայ գեղանկարին կից:

Գեղանկարը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին նուիրելու միտքը Արմէն Հախնազարեանի եւ անոր ընտանիքի բարեկամ, քարտէսագէտ Ռուբէն Գալչեանինը եղած է, որ նոյնպէս ներկայ էր նուիրատուութեան արարողութեան: «Կը կարծեմ, որ այստեղ նկարը իր տանն է, ամէնէն ճիշդ վայրին մէջ, ուր պիտի ըլլար»,ըսաւ Գալչեան` աւելցնելով, որ կ՛ուզէր միայն, որ իր ընկերը` Արմէնն ալ ներկայ գտնուէր այս արարողութեան, վստահաբար ան ալ կողմ պիտի ըլլար այս միտքին:

Մինասը, որուն ծնողները նոյնպէս մազապուրծ եղած էին 1915 թուականի Ցեղասպանութենէն, այս նկարը ստեղծած է 1961-1965 թուականներուն` իբրեւ գեղարուեստական խօսք տառապանքի, հաւատքի եւ յոյսի մասին: Ընդունուած կարգին համաձայն, գեղանկարը նուիրատուութենէն առաջ ուղարկուած է մասնագիտական փորձաքննութեան` ստանալով հաւաստիացնող պատասխան այն մասին, որ այն իսկապէս հեղինակած է Մինաս Աւետիսեանը:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները բարձրացան Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ ծաղիկներ խոնարհեցուցին անմար կրակին մօտ:

Հոկտեմբեր 17` Ոչ–Նիւթական Մշակութային Ժառանգութեան Միջազգային Օր

Հոկտեմբեր 17-ը հռչակուած է ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան միջազգային օր, ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 2023-ի Ընդհանուր ժողովի 42-րդ նստաշրջանին ընդունուած որոշումին:

Այս նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, արդէն երկրորդ տարին է, որ Հայաստանի մէջ կը նշուի այս խորհրդանշական օրը` արժեւորելով ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան դերը հասարակութեան հոգեւոր, մշակութային եւ ստեղծագործական ոլորտներուն մէջ:

Տօնական ձեռնարկները տարուէ տարի կը բազմանան` ընդգրկելով ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ոլորտին մէջ գործող պետական եւ հասարակական կառոյցներ, ստեղծագործական խումբեր եւ անհատներ: Այսպիսով, աւելի՛ կ՛ընդգծուի ժառանգութեան պահպանման, փոխանցման եւ լայն խաւերու ներկայացման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կը բարձրացուի հանրային գիտակցութիւնը:

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ այս տարի նախաձեռնութեան միացած են երկրին 10 մարզերու 230 համայնքներէ շուրջ 360 կազմակերպութիւններ` պետական, կրթական ու մշակութային հաստատութիւններ, հասարակական կազմակերպութիւններ եւ անհատներ:

Օրուան խորհուրդին համապատասխան, համայնքներուն մէջ տեղի պիտի ունենան բազմազան մշակութային ձեռնարկը` ցուցահանդէսներ, ներկայացումներ, վարպետութեան դասեր, պարային եւ երաժշտական ձեռնարկներ, որոնց նպատակն է արժեւորել Հայաստանի պետական եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկերուն մէջ արձանագրուած ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան արժէքները:

 

 

 

 

Նախորդը

Արցախցիներու Անսակարկ Զոհաբերութիւնները Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի Տարիներուն

Յաջորդը

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?