Խորհրդային Միութեան Հերոս Նելսոն Ստեփանեան
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Արցախցիք եւ ընդհանուր առմամբ ամբողջ հայութիւնը գործօն մասնակցութիւն բերին երկրորդ համաշխարհային պատերազմին:
Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզին մէջ հետեւողական աշխատանք տարուեցաւ ամբողջ թիկունքը պատերազմական պայմաններուն համապատասխան վերակառուցելու, ռազմաճակատի կարիքներուն համար արտադրութիւններու թողարկումը աւելցնելու, պաշտպանութեան գործը ամուր հիմերու վրայ դնելու եւ ռազմաճակատին նոր համալրումներ տալու համար:
Բոլոր տղամարդիկ բանակ զօրակոչուած եւ ռազմաճակատներ մեկնած էին, եւ կանայք, անչափահասներ ու պատանիներ դաշտերու թէ գործարաններու մէջ ամէն աշխատանք եւ զոհողութիւն յանձն առին, որպէսզի պատուով փոխարինեն ռազմաճակատներուն վրայ մարտնչողները:
Արցախցիք ջանք ու եռանդ չխնայեցին ռազմաճակատը հացահատիկով, կաթով, միսով եւ երկրագործական ու անասնապահական այլ մթերքներով բաւարարելու համար:
Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը ապրուստի լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէր, կարգ մը գիւղերու մէջ պատահած էին սովամահութեան դէպքեր, բայց արցախցիք իրենց վերջին հացի կտորը կիսեցին ճակատի զինուորին հետ:
Պատերազմին ամբողջ ծանրութիւնը եւ կորուստներուն ամբողջ ցաւը անտրտունջ կրեցին արցախցի կանայք: Աշխատանքային բոլոր բնագաւառներուն մէջ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, կանայք փոխարինեցին տղամարդիկը: Անոնք կ՛աշխատէին դաշտերու, ագարակներու եւ գործարաններու մէջ:
Արցախցի կանայք մեծ քանակութեամբ հագուստեղէն եւ չոր մթերքներ ուղարկեցին ռազմաճակատ:
* * *
Գերմանական բանակներուն կողմէ 1941-ի ամառուընէ ի վեր պաշարուած Լենինկրատի վիճակը հետզհետէ աւելի ծանրացած էր, իսկ սովը ահաւոր համեմատութեան հասած էր քաղաքին մէջ, խլելով 641 հազար 803 զոհ: Պաշարումը ճեղքելու առաջադրանքով մարաջախտ Գէորգի Ժուքով 1943 յունուարին զինուորական լայնածաւալ գործողութիւններու ձեռնարկեց: Յունուար 12-13-ին կարմիր բանակը ճեղքեց պաշարման օղակը եւ վերականգնեց ցամաքային կապը Լենինկրատի հետ. բան մը, որ մասամբ թեթեւցուց քաղաքին վիճակը:
Գերմանական վերջին մեծ յարձակողականը` 1943-ի ամրան, Քուրսքի աղեղին ուղղութեամբ, աւարտեցաւ անյաջողութեամբ: Կարմիր բանակը երկու հազար քիլոմեթր երկարութեամբ ճակատով անցաւ ընդհանուր յարձակողականի. Օրիոլ եւ Պելկորոտ ազատագրուեցան օգոստոս 5-ին, Խարքով` օգոստոս 23-ին, Պրիանսք` սեպտեմբեր 17-ին, Սմոլենսք` սեպտեմբեր 25-ին: Կարմիր բանակը գետանցեց Սոժը. սկսաւ Ձախափնեայ Ուքրանիոյ ազատագրումը: Սեպտեմբեր 21-30-ին խորհրդային զօրքերը դուրս եկան Դնեպր եւ գետանցեցին զայն. Տոնպաս ազատագրուեցաւ: Իսկ հիւսիսային Կովկասի ռազմաճակատի զօրքերը ազատագրեցին Թամանի թերակղզին եւ դուրս եկան Քերչի նեղուց: Քիեւ ազատագրուեցաւ նոյեմբեր 6-ին:
Մարաջախտ Ժուքովի հրամանատարութեան տակ խորհրդային զօրքերը 14 յունուար 1944-ին հակայարձակման անցան Լենինկրատի ուղղութեամբ, իսկ յունուար 27-ին քաղաքին 872 օր տեւած շրջափակումը քակուեցաւ:
Արցախի Մարտակերտի շրջանի կանայք մարաջախ Ժուքովի հասցէով ծանրոցներ ուղարկեցին ճակատ: Ստանալով ծանրոցները մարաջախտը նամակով պատասխանեց. «Ձեր մարզի կանայք կ՛ընթանան կարմիր բանակի յաղթանակին համար թիկունքի մէջ աշխատող ժողովուրդի առաջաւոր դիրքին վրայ: Ձեզի կը ցանկամ աշխուժ ու բեղմնաւոր աշխատանք` թշնամիին նկատմամբ լիակատար յաղթանակ ապահովելու համար»:
Մարաջախտ Գէորգի Ժուքով ստանձնեց Առաջին ուքրանական ռազմաճակատի հրամանատարութիւնը եւ 1944-ին սկսաւ Աջափնեայ Ուքրանիոյ ազատագրումը: Օտեսա ազատագրուեցաւ ապրիլ 10-ին: Խրիմի ուղղութեամբ յարձակումը սկսաւ ապրիլ 8-ին. Սեւաստոփոլ ազատագրուեցաւ մայիս 9-ին, իսկ Խերսոնէսի գերմանական զօրքերը մայիս 12-ին անձնատուր եղան: Յունիս 6-ին ամերիկեան եւ անգլիական զօրքերը ափ ելան Ֆրանսա. բացուեցաւ երկրորդ ճակատը: Մինսք ազատագրուեցաւ յուլիս 3-ին, Վիլնիուս` յուլիս 13-ին, Լվով` յուլիս 27-ին: Օգոստոս-սեպտեմբերին խորհրդային զօրքերը դուրս եկան Վիսլա գետի շրջանը եւ մտան Լեհաստան: Միաժամանակ սկսաւ Չեխոսլովաքիոյ ազատագրումը: Օգոստոս 24-ին կարմիր բանակը մտաւ Քիշնեւ եւ Մոլտաւիոյ ազատագրումը իր աւարտին հասաւ: Խորհրդային զօրքերը մտան ռումանական հող, իսկ սեպտեմբեր 8-ին անցան պուլկարական սահմանը: Գերմանիոյ դաշնակից Ֆինլանտա սեպտեմբեր 5-ին վար դրաւ զէնքը: Մերձպալթեան յարձակումը սկսաւ սեպտեմբեր 14-ին: Թալլին ազատագրուեցաւ սեպտեմբեր 22-ին, Ռիկա` հոկտեմբեր 13-15-ին: Հոկտեմբերի վերջաւորութեան ազատագրուեցան Անդրքարփաթեան Ուքրանիան եւ արեւելեան Հունգարիան: Պելկրատ ազատագրուեցաւ հոկտեմբեր 20-ին: Հոկտեմբեր 7-էն նոյեմբեր 1 կարմիր բանակը ազատագրեց Խորհրդային Անդրբեւեռը եւ հիւսիսային Նորվեկիան:
* * *

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի պատմութեան տարեգրութեան մէջ ոսկեայ տառերով արձանագրուեցաւ արցախցի օդաչու Նելսոն Ստեփանեանի անունը:
Նելսոն Ստեփանեան ծնած էր 1913 ապրիլ 10-ին (հին տոմարով` մարտ 28-ին), Շուշի քաղաքին մէջ: Հայրը` Գէորգ, հաշուապահ էր, մայրը` Վարդանոյշ Լալազարեան. անոնց չորս որդիներուն աւագն էր Նելսոն. միւս որդիներն էին` Վիլսոն, Ստեփան եւ Դեմիլ:
Ստեփանեաններու ընտանիքը 1914-ի ամրան Երեւան փոխադրուեցաւ: Նելսոն 1927-ին Երեւանի Մաքսիմ Գորկիի անուան եօթնամեայ դպրոցը աւարտելէն ետք Պաքու մեկնեցաւ եւ Սերգօ Օրջոնիկիձէի անուան ռազմական ուսումնարանը մտաւ, զոր 1931-ին աւարտեց գերազանց գնահատականներով: 1932-ին Բատայսք քաղաքի (Տոնի Ռոստովի մարզ) քաղաքացիական օդաչուական դպրոցը մտաւ, զոր գերազանց գնահատականով աւարտեց 1935-ին, եւ ուր 1935-1938-ին աշխատեցաւ իբրեւ հրահանգիչ-ուսուցիչ: 1938-ին Բատայսքի մէջ ամուսնացաւ Ֆիրա Միխայլովնա-Գրինշտատի հետ:
Թռիչքային մեծ վարպետութիւն ունեցող հրահանգիչ-օդաչու Նելսոն Ստեփանեան 1938-ին Միներալնիէ Վոդի տեղափոխուեցաւ եւ քաղաքացիական օդանաւորդութեան օդաչուներու հրահանգիչ-օդաչու նշանակուեցաւ:
Մինչեւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմը Նելսոն Ստեփանեան բազմաթիւ օդաչուներ պատրաստեց, որուն համար 29 յունուար 1939-ին պարգեւատրուեցաւ «Խորհրդային Միութեան քաղաքացիական օդանաւորդութեան զարգացման եւ ամրապնդման համար» պատուոյ գիրով:
Նելսոն Ստեփանեան 300 հազար քիլոմեթր անվթար թռիչքներ կատարելու համար Խորհրդային Միութեան քաղաքացիական օդանաւորդութեան գլխաւոր վարչութեան պետին հրամանով պարգեւատրուեցաւ «300 հազար քիլոմեթր թռիչքներու համար» թիւ 622 կրծքանշանով:
* * *
Գերմանական բանակներու Խորհրդային Միութեան սահմաններ ներխուժումին օրը` 22 յունիս 1941-ին կրտսեր տեղակալ Նելսոն Ստեփանեան դիմեց բանակի հրամանատարութեան` ռազմաճակատ մեկնելու խնդրանքով: Դիմումը անմիջապէս յարգուեցաւ, եւ ան յունիս 23-ին Եյսկի (Կրասնոդարի երկրամաս, Ազովի ծովի ափին) ռազմաօդային ուսումնարանի տարածքին տեղաբաշխուած երկրորդ պահեստային օդանաւորութեան գունդ փոխադրուեցաւ` ռազմական օդանաւերու վրայ փորձ թռիչքներ կատարելու համար:
Գրոհային «Իլ-2» օդանաւի թռիչքային արհեստագիտութեան տիրապետելէ ետք հրամանատարութիւնը կրտսեր տեղակալ Նելսոն Ստեփանեանը ուղարկեց Լենինկրատ, ուր Կարմրադրօշ պալթեան նաւատորմի ռազմաօդային ուժերու 8-րդ զօրաբանակի 57-րդ օդանաւային գունդի հրամանատար նշանակուեցաւ:
Հարաւային ռազմաճակատին վրայ կարմիր բանակի ծանր կորուստներու պայմաններուն տակ 57-րդ օդանաւային գունդը փութով Օտեսայի շրջան ուղարկուեցաւ, ուր Նելսոն Ստեփանեան մարտական տասը թռիչք կատարելով ոչնչացուց գերմանացի շուրջ 200 զինուոր եւ ջրասոյզ ըրաւ գերմանական երկու մարտանաւ: Մարտերու ժամանակ ան ծանր կերպով վիրաւորուեցաւ եւ ինկաւ գերմանացիներու գրաւած գօտին: Զայն գտան ուքրանացի կռուողները եւ օգնեցին անցնելու ռազմաճակատի գիծը:
Խարքովի մէջ բուժուելէ ետք Նելսոն Ստեփանեան վերադարձաւ Լենինկրատ եւ շարունակեց պաշտպանել պաշարուած քաղաքը: 24 նոյեմբեր 1941-ին ան պարգեւատրուեցաւ Կարմիր դրօշի շքանշանով: 1942 փետրուար 19-ին անոր շնորհուեցաւ աւագ տեղակալի, մայիս 15-ին` գնդապետի կոչում, իսկ յունիս 9-ին պարգեւատրուեցաւ Լենինի շքանշանով:
Առաջին պարգաւատրումէն ետք ան եւս 86 մարտական թռիչք կատարեց եւ ոչնչացուց գերմանական 25 հրասայլ, 7 զրահապատ մեքենայ, 102 փոխադրակառք, քանի մը հարիւր զինուոր ու սպայ, երեք փոխադրանաւ, երկու պահականաւ եւ մէկ ցանցանաւ: Իսկ 1942 յունիսէն մինչեւ հոկտեմբեր 4 կատարած թռիչքներու ընթացքին անձամբ գերմանական մէկ յածանաւ եւ մէկ պահականաւ խորտակելու, մէկ օդանաւ ոչնչացնելու եւ խմբային մարտերու ընթացքին ինը օդանաւ եւ երկու զենիթային մարտկոց ոչնչացնելու, նաեւ իր խումբի օդաչուներու մարտը գերազանց ղեկավարելու համար 21 հոկտեմբեր 1942-ին Կարմիր դրօշի երկրորդ շքանշանով պարգեւատրուեցաւ:
* * *
Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան 23 հոկտեմբեր 1942-ի հրամանագիրով Նելսոն Ստեփանեան Խորհրդային Միութեան հերոսի կոչումին արժանացաւ:
Հրամանագիրի հրապարակումէն ետք Նելսոն Ստեփանեան հետեւեցաւ ռազմածովային նաւատորմի ռազմաօդային ուժերու հրամանատարներու համար նախատեսուած դասընթացքներուն: 10 յունուար 1943-ին անոր շնորհուեցաւ մայորի կոչում եւ օդանաւային գունդի հրամանատար նշանակուեցաւ:
Մայոր Նելսոն Ստեփանեան Լենինկրատի ճակատին վրայ շեշտակի հարուածներ հասցուց գերմանական նաւերուն, ռազմածովային խարիսխներուն, օդակայաններուն եւ հրասայլային շարասիւներուն:
Լենինկրատի պաշարումը քակուեցաւ 1944 յունուարին եւ իբրեւ քաղաքի աշխուժ պաշտպան Նելսոն Ստեփանեան պարգեւատրուեցաւ «Լենինկրատի պաշտպանութեան համար» մետալով:
Մայոր Նելսոն Ստեփանեան 1944 փետրուարին 47-րդ գրոհային օդանաւային գունդի հրամանատար նշանակուեցաւ: Մարտին ան Խրիմ տեղափոխուեցաւ եւ մարտական գործողութիւններու սկսաւ Թէոդոսիայի ազատագրման համար:
Հրամատարութեան մարտական առաջադրանքները օրինակելի կատարելու եւ ցուցաբերած խիզախութեան ու արիութեան համար Նելսոն Ստեփանեանի գլխաւորած 47-րդ գրոհային օդանաւային գունդը 22 յուլիս 1944-ին պարգեւատրուեցաւ Կարմիր դրօշի շքանշանով:
Մայոր Նելսոն Ստեփանեանի գունդը 1944-ի ամրան յաղթական մարտեր մղեց Լենինկրատի հեռաւոր մատոյցներու եւ մերձպալթեան հանրապետութիւններու ազատագրման համար: Նելսոն Ստեփանեան 20 օգոստոս 1944-ին ներկայացուեցաւ Խորհրդային Միութեան կրկնակի հերոսի կոչման:
Նելսոն Ստեփանեան 14 դեկտեմբեր 1944-ին, Լաթվիոյ Լիբաւա նաւահանգստային քաղաքին համար մղուող մարտերու ընթացքին, իր այրող օդանաւը ուղղեց գերմանական նաւերուն վրայ եւ իր կեանքին գնով ոչնչացնելով զանոնք հերոսաբար զոհուեցաւ: