Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց. «Ռուս դիւանագէտները խոր եւ շատ լուրջ աշխատանք կը տանին պատրաստելու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հանդիպումը»:
Զախարովա ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Փութինի եւ Թրամփի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցաւ, եւ նախագահի գրասենեակը զայն մեկնաբանեց: Նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով եւս զայն մանրամասն մեկնաբանեց, եւ ատոր յաջորդեցին Ռուսիոյ եւ Հունգարիոյ արտաքին քաղաքականութեան բաժանմունքներուն միջեւ հաղորդակցութիւններ` իրադարձութիւնը պատշաճ կերպով պատրաստելու համար»:
«Նաեւ դիւանագիտական տարբեր մակարդակի խողովակներու ճամբով աշխատանք կը տարուի: Այս է ամփոփումը խոր ու լուրջ աշխատանքին, որ ռուս դիւանագէտները եւ այս այցելութեան, այս վեհաժողովին պատրաստութեան պարտականութիւնը ունեցողները կը կատարեն», ընդգծեց Զախարովա:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 16 հոկտեմբերին յայտարարեց, թէ Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին համաձայնած են մօտ օրէն Պուտափեշտի մէջ հանդիպելու: