Ռուսիոյ ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանին, Կրասնոտար իր դաշտէն դուրս վստահ յաղթանակ մը տարաւ Տինամօ Մախաչքալայի դէմ` 2-0 արդիւնքով:
Խումբի յաջողութեան մէջ առանցքային դեր ունեցաւ Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Էտուարտ Սփերձեան:
Սփերձեան 70 վայրկեաններ խաղցաւ` օրեր առաջ «անմեղ» հռչակուելէ ետք նախկին մրցումին մրցակիցի մը կարմիր քարտի պատճառ դառնալու մեղադրանքէն: Ան 43-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը` Ճոն Քորտոպայի փոխանցումէն ետք: Այդ կոլը եղաւ մրցումի արդիւնքը վճռող անկիւնադարձը: Երկրորդ կոլը նշանակուեցաւ 80-րդ վայրկեանին` Վիքթոր Սանի միջոցով:
Այս յաղթանակէն ետք Կրասնոտար մնաց առաջին դիրքին վրայ` 26 կէտով: