Հայ մարզիկ Յովհաննէս Նահապետեան յաջողութեամբ սկսաւ արհեստավարժ «Էմ.Էմ.Էյ.»-ի իր ասպարէզը` առաջին ռաունտին նաք-աութի ենթարկելէ ետք Վալերի Ծամալայծէն:
Մենամարտը տեղի ունեցաւ Սոչիի մէջ կայացող «Ֆայթ-նայթ 129» մրցաշարքի ընթացքին:
Մենամարտը դադրած է բժիշկի միջամտութեամբ, երբ Նահապետեան իր մրցակիցին լուրջ վնաս հասցուցած է:
Յովհաննէս Նահապետեան կը ներկայացնէ «Առիւծի սիրտ» ակումբը, Ռուսիոյ ախոյեանն էր եւ թայլանտական բռնցքամարտի բազմաթիւ մրցանակներու ախոյեան: