Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Աշխարհի ամէնէն բարձր նոր կամուրջին բացումը կատարուեցաւ 28 սեպտեմբերին: Անիկա կը գտնուի Չինաստանի հարաւ-արեւմուտքը, Կիզուի լեռներով ծածկուած շրջանին մէջ: Անոր շինութիւնը մեծ իրագործում մը կը համարուի:
– 625 մեթր բարձրութիւն
Պէյփանճիանկի կամուրջը կը գտնուի 625 մեթր բարձրութեան վրայ: Անիկա կախուած կամուրջ մըն է. այսինքն կանգնած կը մնայ շնորհիւ շատ տոկուն մետաղեայ լարերուն, որոնք իրենց կարգին կախուած են շատ հաստատուն երկու աշտարակներէ: Այս կամուրջին բացումէն առաջ աշխարհի ամէնէն բարձր կամուրջը կը գտնուէր նաեւ նոյն շրջանին մէջ, սակայն ան «միայն» 565 մեթր բարձրութիւն ունէր:
– 2 վայրկեանուան ճամբայ
Կիրճին մէկ կողմէն միւսը անցնիլը այսուհետեւ միայն 2 վայրկեան կը տեւէ: Կամուրջին շինութենէն առաջ շրջանի բնակիչները աւելի քան մէկ ժամ կը դնէին նոյն ճամբան կտրելու համար: Հետեւաբար այս կամուրջը անոնց կարելիութիւնը պիտի տայ իրենցմէ աւելի հեռու շրջաններ աշխատանքի երթալու:
– 207 մեթր ճամբայ մը` տեսարաններով շրջապատուած վերելակի մէջ
Կամուրջին հետաքրքրական առաւելութիւններէն մէկն է նաեւ զբօսաշրջիկներուն անոր առաջարկած պտոյտները: Օրինակի համար, կարելի է գործածել կամուրջին ապակիներով շրջապատուած վերելակը, կամ` ապակիներով անցքը, ուրկէ կարելի է քալել` օդին մէջ կախուած ըլլալու տպաւորութիւնը ունենալով եւ հիանալով չորս կողմը տարածուած տեսարաններով:
– Երեքուկէս տարուան աշխատանք
Կամուրջին շինութիւնը տեւած է երեքուկէս տարի, եւ անոր ծախսը հասած է աւելի քան 370 միլիոն տոլարի:
– Մայրուղի մը, որ լեռը երկուքի կը բաժնէ
Այս կամուրջը շինելու համար մեծ մայրուղի մը շինուած է: Սակայն փոխանակ լեռներուն ետեւէն դառնալու` չիները որոշած են պարզապէս… լեռը երկուքի բաժնել: Ճիշդ է, որ նկարները եւ տեսքը տպաւորիչ կրնան ըլլալ, սակայն նոյն ատեն անոնք մեզի մտածել կու տան նման շինութիւններուն ազդեցութիւնը բնութեան եւ հոն ապրող անասուններուն ու բուսականութեան վրայ:
Հոյամողէսի Ակռաներուն Մէջ`
Կոկորդիլոսի Մը Ոսկորը
Արժանթինի մէջ գտնուած է փոքրիկ հոյամողէսի մը ամբողջական կմախքը: Այդ կմախքը մեծ զարմանք յառաջացուց գիտնականներուն մօտ, երբ անոնք հոյամողէսին ակռաներուն մէջ գտան կոկորդիլոսի մը ոսկորը:
Այս հոյամողէսի տեսակը տակաւին մինչեւ հիմա անծանօթ էր. անոր տրուեցաւ Ժոաքինրափթոր Քասալի անունը: Այս հոյամողէսը մաս կը կազմէր մեկարափթորներու ընտանիքին: Այս ընտանիքին հոյամողէսները ճանչցուած են իրենց երկար գլուխով եւ մեծ հզօր ճանկերով: Անոնք կ՛ապրէին 66-70 միլիոն տարիներ առաջ:
* * *
Այս հոյամողէսին մնացորդները գտնուեցան Արժանթինի հարաւը` Փանթակոնիի շրջանին մէջ:
Շատ հին ժամանակներուն, այդ շրջանի բնութիւնը տարբեր էր: Հոյամողէսներու կեանքին վերջին շրջաններուն` 65-145 միլիոն տարիներ առաջ, Փանթակոնին մաս կը կազմէր Կոնտուանա կոչուած սուփըր ցամաքամասի մը, որ կ՛ընդգրկէր նաեւ Ափրիկէն եւ Աւստրալիան: Կլիման տաք էր ու խոնաւ: Անոր ճահիճները, անտառները եւ դաշտերը դրախտ մըն էին հոյամողէսներուն եւ ուրիշ անասուններուն համար:
Հոյամողէսներու ժամանակաշրջանին Փանթակոնիի մէջ հրաբուխները յաճախ կը ժայթքէին: Անոնց մոխիրները, որոնք երբեմն ցեխի կը վերածուէին, գետին կը ծածկէին: Այս ձեւով անոնք «կը պահպանէին» սատկած անասուններու ոսկորները: Բրածոները շատ դիւրութեամբ կը կազմուէին: Հետագային, որովհետեւ շրջանը դարձած է չոր եւ շատ քիչ բնակուած, այս բրածոները չեն փճացած: Եւ ժամանակի ընթացքին գետնիը մաշումին պատճառով, անոնք կամաց կամաց կը վերայայտնուէին:
* * *
Մեզի ծանօթ ամէնէն մեծ հոյամողէսներու կարգ մը տեսակներ գտնուած են Փանթակոնիի շրջանին մէջ:
Անոնցմէ յիշենք թիթանոսարները, ինչպէս` Փաթակոթիթան Մայորումը, որուն 37 մեթր երկարութիւնը մրցանիշ մըն է, կամ` Արժանթիսորուսը, որ աւելի քան 30 մեթր է: Կան նաեւ մսակերները, ինչպէս` Ժիկանթոսորուսը, որ Թիրանոսորուս Ոեքսի` Թի Ռեքսին չափ մեծ է:
Պզտիկ Մանչուկ Մը
Անգիտակցաբար
Կ՛օգնէ Գիտնականներուն
Այս ամառ Անգլիա բնակող 7 տարեկան Արթիւր պտոյտ մը կը կատարէր երկրին հարաւը գտնուող Լիզըրտ հրուանդակին շրջանին մէջ: Ան բարձր ժայռի մը վրայ կը գտնէ ակռայ մը:
Գիտնականները կը հաստատեն, որ այդ ակռան մարդկային է: Եւ անոնք կը սկսին փնտռտուքներ եւ պեղումներ կատարել այդ շրջանին մէջ: Կամաց-կամաց անոնք կը գտնեն ուրիշ մարդկային մնացորդներ, անոնցմէ ամէնէն հիները հասած են նախապատմական շրջաններէ:
Կարելի է նաեւ, որ այդ շրջանին մէջ թաղուած են նաեւ վերջին քանի մը դարերուն ընթացքին ընկղմած նաւերու անձնակազմի անդամներ:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր պզտիկ ձեւի տեղը հոյամողէսի պատկերին մէջ:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները: