Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Այո՛, կրթութիւն ստանալը իրաւունք մըն է աշխարհի բոլոր մանուկներուն համար: Հակառակ անոր` այժմ աշխարհի մէջ աւելի քան 250 միլիոն մանուկներ դպրոց երթալէ զրկուած են…
* * *
Աշխարհի բոլոր մանուկները դպրոց երթալու իրաւունքը ունին, այս իրաւունքը արձանագրուած է Մանուկներու իրաւունքներու միջազգային հռչակագիրին մէջ 1989 թուականէն ի վեր: Այս հռչակագիրը ստորագրած են 195 երկիրներ` մանուկները պաշտպանելու համար: Այս հռչակագիրը մանուկներուն կ՛ապահովէ յատկապէս կրթութիւն ստանալու իրաւունքը, սակայն, հակառակ ասոր, այժմ 6-11 տարեկան, մանուկներուն տասէն մէկը դպրոց չ՛երթար, եւ այս երեւոյթին մենք կը հանդիպինք յատկապէս Ափրիկէի եւ Ասիոյ մէջ:
* * *
Սակայն ի՞նչը կրնայ ստիպել կարգ մը մանուկներ դէպի դպրոց չուղարկելու այս շրջաններուն մէջ: Աշխարհի ամէնէն աղքատ երկիրներու մէջ, կարգ մը ընտանիքներ չեն կրնար վճարել դպրոցի ծախսերը: Ասոր կողքին, կարգ մը մանուկներ ստիպուած են աշխատիլ գործարաններուն կամ դաշտերուն մէջ` դրամ շահելու համար: Իսկ ուրիշ պարագաներու, ինչպէս` բնական աղէտներու կամ ռազմական բախումներու ընթացքին, մանուկները ստիպուած են դպրոցը լքել իրենց ապահովութեան համար: Իսկ գիտէի՞ր, թէ դպրոց չյաճախող մանուկներուն մէջ մեծ թիւ կազմողները աղջիկներ են: Անոնք կրնան ճնշումներու կամ սպառնալիքներու ենթարկուիլ տունը մնալու համար:
* * *
Բարեբախտաբար երեսուն տարիներէ ի վեր եւ շնորհիւ կրթութիւն ստանալը քաջալերելու համար առնուած քայլերուն, դպրոց չյաճախող մանուկներուն թիւը նուազած է: Այս ձեւով ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան տակ գործող եւ մանկութեան հարցերով զբաղող ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ը տարբեր երկիրներու եւ անոնց բնակչութեան հետ կ՛աշխատին դպրոցներ բանալու կամ ուսուցիչներ պատրաստելու համար: Սակայն հակառակ այս բոլորին, տակաւին մեծ ճիգեր եւ յառաջդիմութիւններ հարկ են, որպէսզի օր մը աշխարհի բոլոր մանուկները բռնեն դպրոցի ճամբան:
Մատնախօսութեան Օրը
– Գիտէի՞ր, թէ սեպտեմբեր 23-ը նշուած է իբրեւ Աշխարհի մատնախօսութեան օր:
– 2018 թուականին է, որ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութիւնը այս որոշումը տուած է:
– 23 սեպտեմբերը ընտրուած է նշելու համար 23 սեպտեմբեր 1951-ին Հռոմի մէջ Աշխարհի խուլերու ֆետերասիոնին (WPD, Ուըրլտ, Ֆետերէյշըն օֆ Տէֆ) հիմնումը: Այս կազմակերպութեան մաս կը կազմեն 133 երկիրներէ խաղերու յատուկ տարբեր կազմակերպութիւններ:
– Որոշուած է այս օրը նշել` տօնելու համար մատնախօսութեան հարստութիւնն ու մշակութային տարբերութիւնները, ճանչնալ զանոնք եւ անոնց օգտակարութիւնը:
– Ամէն տարի կ՛ընտրուի նոր բնաբան մը, որուն շուրջ կը կազմակերպուին այդ տարուան տօնակատարութիւններ: Իսկ այս տարուան բնաբանն է` «Մարդկային իրաւունքները գոյութիւն չունին առանց մատնախօսութեան իրաւունքներու եւ «Մատնախօսութիւնը մեզի կը միացնէ»:
– Առաջին անձը, որ պաշտօնապէս ստեղծած է լսելու դժուարութիւններ ունեցող անձերու համար մատնախօսութիւն մը, Փետրօ Փոնսէ տէ Լէոնն է. ան 16-րդ դարու սպանական Պենետիքթեան վանական մըն էր:
– Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին մօտաւորապէս 130-300 մատնախօսութիւններ: Ազգագրագէտներու ցանկը կ՛ընդգրկէ 130-160 մատնախօսութիւններ: Մինչ ըստ ընդհանուր համաձայնութիւն մը, անոնց թիւը կ՛անցնի 300-ը:
– Աշխարհին շուրջ աւելի քան 72 միլիոն խուլ կամ լսելու դժուարութիւն ունեցող անձեր կը գործածեն մատնախօսութիւնը` «խօսելու» համար:
– Իսկ վերջապէս, գիտէի՞ր, թէ 1970-ական թուականներուն մասնագէտ Փենի Փաթըրմըն սկսաւ աշխատիլ Քօքօ անունով Կորելլայի մը հետ` անոր սորվեցնելով մատնախօսութիւն: Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին Քօքօ կրցաւ սորվիլ աւելի քան 1000 տարբեր նշաններ: Այս ձեւով ան կրցաւ «երկար խօսակցութիւններ» ունենալ իր «ուսուցչուհիին» հետ եւ խաղալ տարբեր բառխաղեր:
Մտածենք
Դասարանին Մէջ
Վերջապէս վերամուտ է: Չորս ընկերուհիներ` Անին, Ալինը, Թալինը եւ Արեւիկը, մեծ ուրախութեամբ դպրոց վերադարձան վարի բացատրութիւններուն հետեւելով` կրնա՞ս գիտնալ իւրաքանչիւրին տեղը:
1.- «Մենք կը սիրենք մեր դաս սորվելու վայրը մեր սիրած ձեւով կազմակերպել, որովհետեւ մենք այդ սեղանին վրայ կ՛անցընենք երկար ժամեր օրուան ընթացքին»:
2.- «Անին եւ Ալինը կը սիրեն ուտել, յատկապէս` քաղցրեղէններ: Առանց իրենց շաքարեղէնի պահեստին` անոնք ո՛չ մէկ բան կրնան ընել»:
3.- «Թալինը եւ Ալինը կարդալու համար ակնոցի պէտք ունին: Մինչ Անին եւ ես միայն արեւի ակնոցներ կը գործածենք ամառը»:
4.- «Արեւիկը սիւսեթները չի սիրեր: Ան կ՛ըսէ, որ անոնք լաւ չեն մեր ակռաներուն համար:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
17 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել դպրոց հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած թիւերը: