Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆատլալլա. «Հակառակ Ճնշումներուն Եւ Իսրայէլեան Յարձակումներուն, Լիբանան Կարող Է Մարտահրաւէրները Դիմակայել»

Հոկտեմբեր 17, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Կ՛անցնինք ժամանակաշրջանէ մը, ուր Լիբանանի եւ շրջանին մէջ բազմաթիւ փոփոխութիւններ կան: Կան զինուորական, ապահովական եւ քաղաքական փոփոխութիւններ, որոնց ճամբով աշխատանք կը տարուի շրջանի, անոր հաւասարակշռութիւններով, յարաբերութիւններով եւ մինչեւ իսկ աշխարհագրութեամբ վերաձեւաւորման:

«Շրջանին մէջ անձնատուութեան շտապող կայ, կարծէք իսրայէլացի թշնամին ամբողջական յաղթանակ արձանագրեց: Այսպիսի աճապարանք 1982 թուականին տեսանք, եւ զայն բազմաթիւ փուլերու ընթացքին տեսանք: Անոնք, որոնք աճապարեցին, յուսախաբ եղան, եւ մենք անոնցմէ ենք, որոնք իրողութիւնները չեն դրժեր, զայն կը տեսնեն ինչպէս որ է, որպէսզի գիտնան ինչպէս առանց չափազանցութիւններու եւ պորոտախօսութեան անոր դէմ դնել», աւելցուց երեսփոխանը:

«Գիտենք, թէ շրջանին ու Լիբանանի մէջ ուժի հաւասարակշռութիւնը խախտեցաւ, սակայն ատիկա չի նշանակեր, թէ սիոնական ծրագիրը իր նպատակները իրագործեց եւ յաղթեց: Ո՛չ Լիբանանի, ո՛չ Կազայի, ո՛չ ալ շրջանին մէջ հարցերը վերջ գտած են, եւ ատոր փաստը այն է, որ Լիբանանի մէջ մնացինք եւ կը շարունակենք, որովհետեւ ժողովուրդ ենք», աւելցուց ան:

Ֆատլալլա նշեց, որ հակառակ աղմուկին ու տեղեկատուական քարոզչութեան, «մենք մեր ժողովուրդին ապագայով մտահոգ ենք», «մեր Դիմադրութեան ապագայով մտահոգ չենք, եւ միեւնոյն ժամանակ Լիբանանի մէջ մեր մնայուն կոչն է կացութիւնը հանդարտեցնել: Լիբանանեան կառավարութեան մէջ եւ անկէ դուրս եղող բոլոր ուժերը կարիքը ունին խորհրդածութեան պահու, իմաստութեան, ողջախոհութեան եւ փոփոխութիւններու սերտման, ինչպէս նաեւ գործակցութեան, յաղթահարելու համար ներկայ փուլը, որպէսզի Լիբանանի մէջ կամ անկէ դուրս որեւէ փոքրիկ փոփոխութիւն լիբանանեան մարմինին մէջ որեւէ տկարութիւն չշահագործէ, եւ այս փոփոխութիւնները ամբողջ երկրի հաշուոյն չըլլան»:

«Լիբանանի մէջ ճիշդ չէ, որ ոեւէ մէկը որեւէ այլ նիւթ բանայ նախքան զինադադարի գործադրութիւնը: Նախ եւ առաջ թշնամին պէտք է յանձնառու դառնայ, ինչպէս Լիբանան յանձնառու դարձաւ, իսկ մնացեալ հարցերը կը քննարկուին զինադադարի գործադրութենէն ետք», ըսաւ երեսփոխանը:

«Հակառակ ճնշումներուն ու իսրայէլեան յարձակումներուն, Լիբանան կրնայ մարտահրաւէրները դիմակայել», շեշտեց Ֆատլալլա:

Նախորդը

Պատասխանելով Յորդանանի Թագուհիին Հարցումին` «Այո՛, Լիբանան Պիտի Երթամ» Կ՛ըսէ Լեւոն ԺԴ. Պապը

Յաջորդը

Պայրագտարեան ՄԱԿ-ի Առողջապահութեան Կազմակերպութեան Հետ Քննարկեց Գործակցութեան Կարելիութիւնները

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?