Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Այսօր` Հունգարիա-Հայաստան

October 11, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2026-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներու Զ. խմբակին գծով, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը շատ կարեւոր մրցում ունի կատարելիք Պուտափեշթի մէջ` Հունգարիոյ դէմ:

Հունգարիա տակաւին չէ կրցած յաղթել զտումի այս մրցումներուն, եւ կը փորձէ 1986-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով հասնիլ Մոնտիալին: Հունգարիա բաւական յուսախաբ եղաւ առաջին մրցումին, երբ 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք 2 կոլ ստացաւ Իրլանտայէն, մինչ երկրորդ մրցումին առաջին կոլը նշանակելէ ետք Փորթուգալի դէմ մրցումը կորսնցուց 3-2 արդիւնքով: Այս ձեւով Հունգարիա վերջին 6 պաշտօնական մրցումներուն երբեք յաղթանակ չէ կրցած  արձանագրել` պարտուելով 4 եւ հաւասարելով 2 մրցումներու: Նոյնիսկ Պուտափեշթի մէջ իր վերջին 3 ճակատումները պարտութիւններով աւարտած է:

Վստահաբար անոնք յուսախաբ կը զգան, երբ խմբակի դասաւորման մէջ թիւ 103 դասուած Հայաստան աւելի բարձր դիրքի վրայ կը գտնուի:

Հայաստան, որ իր առաջին մրցումին 5-0 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Փորթուգալէն, կրցած էր ինքզինք գտնել եւ 4 օր ետք 2-1 արդիւնքով յաղթել Իրլանտային:

Հունգարիոյ դէմ միայն մէկ անգամ մրցած Հայաստան (2004-ին, 0-2) պիտի փորձէ 2023-ի յունիսէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով յաջորդական իր 2-րդ մրցումը յաղթել` յոյսով, որ առաջին անգամ ըլլալով ազգային խումբը կարեւոր մրցաշարքի մը մասնակցի:

Մրցումը պիտի ղեկավարէ անգլիացի Քրիս Քաւանա, անիկա պիտի սկսի ժամը 19:00-ին,  Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Խմբապետ Տիգրան Բարսեղեան կարճ զրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ:

Զտումի նախկին մրցումներուն, ինչպէս նաեւ այսօրուան մրցումին մասին

նշելով, որ Փորթուգալէն պարտութիւնը կարեւոր դաս մըն էր, հայկական խումբին համար:

«Գիտէինք, թէ որուն դէմ կը խաղայինք (աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստներ ունեցող Փորթուգալը): Անոնք Ազգերու լիկայի ախոյեանն էին, բայց այսօր օրուան պարտութիւնը մեզի զգուշացում էր: Հունգարիա միայն 1 կոլի տարբերութեամբ պարտուեցաւ Փորթուգալէն, բան մը, որ կրնայ ցոյց տալ Մարքօ Ռոսիի (Հունգարիոյ մարզիչ) խումբին որակը»:

Բարսեղեան նաեւ յիշեց Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի հետ հաճելի դրուագ մը. «Բ. կիսախաղին ան մօտեցաւ ինծի եւ հարցուց, թէ ինչպէս շատ կը պաշտպանէինք եւ չէինք փորձեր կոլ նշանակել: Ես պատասխանեցի ըսելով, որ այդքան ալ դիւրին չէր այս մէկը: Ապա ան ըսաւ, թէ եթէ կոլ պիտի նշանակէ, ապա անկէ ետք իմ կարգս պիտի գայ կոլ նշանակելու: Եւ իրապէս կէս վայրկեան ետք նշանակեց եւ ձեռքով նշան ըրաւ, որ ես ալ պատասխանեմ կոլով մը…»: Իրլանտայի դէմ մրցումին մասին ան ըսաւ. «Մէկ տարիէ աւելի մրցումի չէինք յաղթած Երեւանի մէջ, եւ ամբողջ սրտով եւ հոգւով պայքարեցանք: Համակիրները մեծ դեր ունէին: Դաշտը ամբողջութեամբ լեցուն էր»:

Ան աւելցուց այսօրուան մրցումին գծով. «Հունգարացիք շատ լաւ խումբ ունին: Շատեր մեծ խումբերէ կը խաղան, եւ 60 հազար համակիրներ պիտի ունենան զիրենք քաջալերող: Բայց մրցումը կը սկսի 0-0 արդիւնքով, եւ մեր ձեռքերը վեր յանձնուած պիտի չներկայանանք դաշտ: Պիտի պայքարինք մինչեւ մրցումի աւարտը», ըսաւ Հայաստանի խմբապետը:

Խմբակի Բ. դիրքին համար ալ Բարսեղեան յայտնեց, թէ «խմբակի ճակատագիրը կրնան որոշել Պուտափեշթի եւ Տապլինի մէջ յառաջիկայի մրցումները: Այս մրցումներէն ետք պէտք է յստականայ, թէ ով կրնայ  պայքարիլ փլէյ-օֆի մրցումներուն հասնելու:

Ստորեւ կը ներկայացնենք այսօրուան եւ շաբաթավերջի զտումի յայտագիրը.

Լաթվիա – Անտորրա
Հունգարիա – Հայաստան
Նորվեկիա – Իսրայէլ
Պուլկարիա – Թուրքիա
Էսթոնիա – Իտալիա
Փորթուգալ – Իրլանտա
Սերպիա – Ալպանիա
Սպանիա – Վրաստան

ՎԱՂԸ
Սան Մարինօ – Կիպրոս
Ֆարօ Կղզիներ – Չեխիա
Նետերլենտներ –  Ֆինլանտա
Սկովտիա –  Պիելոռուսիա
Խրուաթիա –  Ճիպրալթար
Դանիա –  Յունաստան
Լիթուանիա – Լեհաստան
Ռումանիա – Աւստրիա

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Լեւոն Ասատրեան` Պրոնզ Մետալակիր

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Պէյրութ Ֆըրսթ

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.