Նորվեկիոյ Ֆիորտէ քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեանութիւնը, ուր 21 տարեկան պուլկարացի Քարլոս Նասսար երրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ աշխարհի ախոյեան, 94 քկ նոր կշիռի կարգի մրցումներուն:
Նասսար արաշէի մրցումներուն 173 քկ կրցաւ բարձրացնել` ձախողելով 178 եւ 182 քկ կշիռներուն, եւ գրաւեց 4-րդ դիրքը: Իրանցի Ալիրեզա Սետէի 182 քկ բարձրացնելով նոր մրցանիշ հաստատեց եւ շահեցաւ փոքր ոսկի մետալ:
Էփոլէ-ժըթէի մրցումին Նասսար իր վարպետութիւնը ցուցադրեց` կայունութեամբ բարձրացնելով 210 քկ եւ 219 քկ, եւ այս կշիռքներով անխուսափելի եղաւ իր մրցակիցներուն:
Այս ցուցանիշը ապահովեց ոսկի մետալն ու աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը երրորդ անգամ ըլլալով: Անոր 222 քկ բարձրացնելը Էփոլէ-ժըթէի մէջ համաշխարհային նոր մրցանիշ էր:
21 տարեկան Նասսար ապշեցուցիչ յաջողութեամբ արդէն իսկ ունի երեք աշխարհի, երեք Եւրոպայի եւ մէկ ողիմպիականի տիտղոս: