Վեթերան թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ, որ կը փորձէ 5-րդ անգամ ըլլալով շահիլ Շանկհայի «Մասթըրզ» թենիսի մրցաշարքը, 6-3 եւ 7-5 արդիւնքով մեծ դժուարութեամբ յաղթեց պելճիքացի Զիզու Պերկզին եւ հասաւ կիսաւարտական:
38 տարեկան սերպ թենիսմենը, որ դժուար պայքար ունի ոչ միայն մրցակիցներուն դէմ, այլ նաեւ բարձր խոնաւութեան եւ տաքին դէմ, անգամ մը եւս բուռն պայքար տարաւ երկու սեթերուն, ուր մրցակիցը 5 սեթ փոյնթեր զսպեց (աւագինին), իսկ երկրորդ սեթին 2 սեթ եւ «մել փոյնթ»:
Համակիրները շատ անգամ ոտքի, Սերպիոյ դրօշներով փորձեցին ոգեւորել Ճոքովիչը, որ ուժերը հաւաքելով կրցաւ յաղթել: «Հաւանաբար երբեմն դիւրին մրցակից էր եւ շատ առիթներ տուի մրցակիցիս, բայց Զիզու շատ լաւ մարզիկ է, ունի մեծ տաղանդ եւ զօրաւոր հարուածներ: Ողջ մնալը դաշտին վրայ շատ դժուար էր», ըսաւ ուժասպառ Ճոքովիչ, որ նախորդ մրցումին բժիշկի աջակցութեամբ կարիք ունեցած էր շարունակելու մրցումը:
24 անգամ կրան շլեմի տիտղոսակիր Ճոքովիչ կիսաւարտականին պիտի մրցի մոնաքոցի թենիսմեն Վալենթեն Վաշըրոյի դէմ (թիւ 204), որ անակնկալով մը դուրս ձգեց դանիացի Հոլկըտ Ռունէն 2-6, 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով: Ռունէ քանի մը անգամ պրկում ունեցաւ սաստիկ տաքին պատճառով:
Նշենք, թէ նոյն պատճառով թիւ 2 դասուած Եաննիք Սինըր պրկումներ ունենալով Գ. հանգրուանի իր մրցումը լքած էր, երբ արդիւնքը 1-1 էր: Թիւ 23 դասուած չեխ Թոմաս Մաքաչ իր կարգին կիսատ լքած էր մրցումը, պելճիքացի Տաւիտ Կոֆենի նման: Թիւ 1 թենիսմեն սպանացի Քարլոս Ալքարաս մրցաշարքը ազդանշանէն քիչ առաջ վիրաւոր զգալով նախընտրած էր չմասնակցիլ:
Այժմ ամէնէն բարձր դասուած թենիսմենը Ճոքովիչն է` թիւ 4 դիրքին վրայ:
Աւստրալիացի Ալեքս Տը Մինաոր թիւ 7 դասուած է եւ պիտի մրցի ռուս Տանիլ Մետվետեւի դէմ (թիւ 18), մինչ քառորդ աւարտականին վերջին մրցումին քանատացի Ֆելիքս Օժէ-Ալիասեմ (թիւ 13) պիտի մրցի ֆրանսացի Արթիւր Ռինտերնեչի դէմ (թիւ 54):