ԱՒԵՏԻՔ ՎՐԴ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Օրերը նոյնը չե՞ն, թէ՞ մարդիկ են փոխուած: Ժամանա՞կն է փոխուած, թէ՞ իրենց արժէքներուն հանդէպ մարդոց պատասխանատուութիւնն է փոխուած: Դա՞րն է փոխուած, թէ՞ պատկանելիութեան եւ ինքնութեան գիտակցութիւնն է փոխուած: Կ՛արժէ մտածել…
Կ՛ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, որ յղի է ազգի, հայրենիքի եւ Հայ եկեղեցւոյ հանդէպ տեսակաւոր արշաւներով, սակայն դժբախտութիւնը այն է, որ յարձակումը արտաքինէն ներքին չէ՛, այլ` ներքինէն ներքին… եղբայր եղբօր դէմ:
Չեմ կարծեր, որ այստեղ ճիշդ կ՛ըլլայ յարձակումներուն ձեւին մասին արձանագրելս, սակայն նաեւ աններելի կ՛ըլլայ չարձանագրել այն արժէքներուն մասին, որոնք սկսած են ջնջուիլ հայուն կեանքէն:
Տէ՛ր դառնանք հայ լեզուին: Այսօր մեր մայրենին սկսած է դառնալ անգործածելի` ե՛ւ հայ ընտանիքներու օճախին մէջ ե՛ւ հայկական դպրոցներէն ներս ե՛ւ հայու անհատական կեանքին մէջ: Օտարինն է գրաւիչը, միեւնոյն ատեն կործանիչը` բառին ամբողջական իմաստով: Արդէն իսկ եթէ հայ օճախին մէջ չհնչէ հայերէնը, իսկ հայ դպրոցը իր անհրաժեշտ թելադրութիւնները չկատարէ, ուրեմն աւելորդ է անհատական կեանքի մէջ հայրենասիրութիւն պահանջելը: Սերունդը չէ փոխուած, սակայն դաստիարակութեան գիտակցութիւնն է անհետացած: Զարթօ՜նք, այլապէս Թարգմանչաց հայրերը պիտի անիծեն մեզ, թող չանիծեն մեզ:
Տէ՛ր դառնանք մեր արժէքներուն եւ խորհրդանիշերուն: Այսօր ցաւով կը կարդանք բոլորս, որ մեր երազած Արարատը կը դառնայ լոկ յիշողութեան արժանի: Ի՞նչ իրաւունքով, որո՞ւ իրաւասութեամբ… ո՛չ ոք գիտէ: Երիտասարդներ ամէն զոհողութիւն աչքի առած` բարձրացած են մինչեւ սրբազան Արարատ, մինչ անդին` գրասեղանի մը ետեւ նստած, որոշումներ կը տրուին: Ամենայն պատասխանատուութեամբ կ՛ըսեմ, որ նման մօտեցում հայ ազգի դէմ երկրորդ ցեղասպանութիւն է, իսկ եթէ մենք տակաւին լուռ ենք, ուրեմն բոլորս միասին ցեղասպանակից ենք… մենք մեզ կը ցեղասպանենք: Զարթօ՜նք, այլապէս Թարգմանչաց հայրերը պիտի անիծեն մեզ, թող չանիծե՜ն:
Տէ՛ր դառնանք մեր գրականութեան: Յաճախ լսուած արտայայտութիւն է` «Հայերէն գիրք կարդացող չկա՛յ»: Անշուշտ պիտի չըլլայ, երբ քաջալերող չկայ: Անշուշտ պիտի չըլլայ, երբ օտար գրականութիւն կը գովաբանուի: Անշուշտ պիտի չըլլայ, երբ հայերէնով գիտական գիրքեր չեն տպուիր: Անընդունելի է ըսելը, որ հայերէն գրող չկայ, երբ հայերէն գրող չենք պատրաստեր: Սխալ չհասկցուինք, չեմ ըսեր օտարալեզու գիրքեր չկարդանք եւ մեր օտար լեզուները չզարգացնենք, երբե՛ք, բայց հայերէնը չմոռնանք: Թող այդ հարուստ գրականութիւնները թարգմանենք հայերէնի, թող մեր իւրայատուկ լեզուն առաւել հարստանայ:
Սիրելի՛ երիտասարդ եղբայր եւ քոյր,
Դո՛ւն ալ ունիս քու սեփական լեզուդ, ինչպէս քու օտար բարեկամներդ ունին իրենց լեզուն եւ սիրելով կը գործածեն զայն, դուն ալ սիրելով` քո՛ւկդ գործածէ:
Դո՛ւն ալ կրնաս քու սեփական լեզուովդ գիտական եւ գեղեցիկ նախադասութիւններ շարահիւսել, ինչպէս օտար ծանօթներդ իրենց սեփական լեզուով կը կատարեն: Մի՛ ամչնար եթէ սխալ ուղղագրութեամբ կը գրես, որովհետեւ անպայման քեզ քաջալերող մը եւ ուղղութիւն տուող մը պիտի ունենաս, սակայն քեզի կը մնայ առաջին քայլ առնելը` սկսիլը:
Եթէ յաջողեցանք հայ մանուկին, պատանիին, երիտասարդին եւ մանաւանդ ընտանիքին սիրցնել մեր հրաշագեղ լեզուն եւ այդ լեզուով իրենց մտածումները արձանագրել տալ եւ հայ մեծութիւններուն մտածումները կարդալ, ուրեմն Թարգմանչաց հայրերը դարէ դար պիտի օրհնեն մեզ:
Օ՛ն, բոլորս միասին թա՛փ տանք հայրենասիրութեան, ազգասիրութեան եւ եկեղեցասիրութեան, այլապէս մեր Թարգմանչաց հայրերը պիտի անիծեն մեզ, թող չանիծեն մեզ…: