Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Հոկտեմբեր 10, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Նախարարաց խորհուրդի նիստէն, բանակի հրամանատարի զէնքի մենաշնորհման ծրագիրի եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան ներկայացումէն, ինչպէս նաեւ «Ռիսալաթ» միութեան արտօնագիրը խլելու հարցի քննարկման յետաձգումէն ետք հարցերը սկսան դէպի հանդարտեցում ուղղուիլ»:

– ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ առնչակից աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Նախարարները ամբողջովին հաւնեցան զօր. Հայքալի ներկայացուցած զեկուցումը, այնքան մը, որ անոնցմէ մէկը նշեց, թէ զեկուցումը 24-ի վրայ 24 նիշ ստացած է` աւելցնելով բանակին բոլոր կատարածներուն նկատմամբ նախագահ Աունի բացարձակ վստահութիւնը»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի չյետաձգուին, եւ արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութեան հարցի լուծումը լրատուամիջոցներու լուսարձակներէն հեռու տեղի կ՛ունենայ: Խորհրդարանի նախագահ Պըրրին երեսփոխանական պլոքներու մեծամասնութեան համաձայնութեան արժանացած լուծումի որդեգրումին պիտի չընդդիմանայ»:

– ՊԷՅՐՈՒԹԻ նահանգապետ Մարուան Ապպուտ «Անպա» օրաթերթին. «Մենք կը շարունակենք բարելաւել Պէյրութի կացութիւնը, եւ ասկէ մէկ տարի ետք զայն պիտի չճանչնաք: Ան մեծ վերաշինութեան մէջ է, եւ նահանգապետարանին, քաղաքապետութեան եւ բնակիչներու ոլորտին մէջ բոլորս մէկ ձեռք ենք, եւ կ՛աշխատինք մայրաքաղաքին ու անոր բնակչութեան համար»:

– ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Համասի քաղաքական պատասխանատուի տեղակալը «Էլ.Պի.Սի.»-ին. «Լիբանանեան պետութիւնը եղբայրական պետութիւն է, եւ Լիբանանի պաղեստինցիները պէտք է յարգեն անոր գերիշխանութիւնը:

«Շարժումը Լիբանանի մէջ ոչ իսկ փամփուշտ մը արձակեց, իսկ ինչ կը վերաբերի պաղեստինեան զէնքին, ապա մենք խոր երկխօսութիւն կը կատարենք»:

– ԸՍՏ «Օ.Թի.Վի.»-ի տեղեկութեան, «վատիկանեան պատուիրակութիւնը կը շրջի այն վայրերը, ուր պապը Լիբանան իր այցելութեան ընթացքին հաւանաբար այցելէ, առ ի պատրաստութիւն պապի ծրագիրին վերջին պատկերացումին ներկայացման, որպէսզի անոր շուրջ վերջնական որոշումը պապը ինք տայ»:

– ԸՍՏ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին, օտար քաղաքացիութեան տէր ծայրայեղական հրեայ Պենի Ուաքսլըր գաղտնաբար Պէյրութի նաւահանգիստ, Մոհամէտ Ամին մզկիթ, Ժհիթայի քարայր, Ժիպէյլի հին քաղաք եւ հարաւային արուարձաններ այցելած է:

Նախորդը

Երիտասարդներու Եուրօ 2026-ի Զտում. Հայաստան Ծանր Պարտութիւն Կրեց Գերմանիայէն

Յաջորդը

Քումաթի. «Հայրենիքը Սադրանքներով Չի Կառուցուիր, Այլ Փոխհասկացողութեամբ Եւ Համաձայնութեամբ»

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?