Ֆրանսայի պատմական ֆութպոլիստ Զէնետին Զիտանի զաւակը` Լուքա միացաւ Ալճերիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին, Մոնտիալի զտումի մրցումներուն մասնակցելու:
Բերդապահ Լուքա, որ Ֆրանսայի տարիքային ազգային խումբերէն խաղցած է նախապէս, ՖԻՖԱ-էն «կանաչ լոյս» ստացաւ փոխելու եւ վերականգնելու իր մեծ հօր արմատները` նկատի ունենալով, որ իր հօր` Զինետինի ընտանիքը Ալճերիոյ մէկ շրջանէն հասած էր Ֆրանսա:
27 տարեկան Լուքա, որ Սպանիոյ Բ. դասակարգի Կրանատա ակումբին բերդապահն է, պիտի փորձէ հասնիլ 2026-ի Մոնտիալին` յաղթելով Սոմալիայի կամ Ուկանտայի: Հետաքրքրականը այն է, որ Լուքա Զիտանի կողքին Սամիր Շերկի, Մեհտի Տորվալ եւ Ռաֆիք Պելղալի առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուեցան ազգային խումբ: Շերկի Փարիզի հետ լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ «Լիկ 1»-ի մէջ, մինչ Տորվալ եւ Պելղալի Պարիի եւ Վերոնայի հետ իրենց կարգին կը փայլին Իտալիոյ մէջ: