Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռոնալտօ. «Ինչո՞ւ Չշարունակել…»

Հոկտեմբեր 10, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

40 տարեկանին Քրիսթիանօ Ռոնալտօ տակաւին կը շարունակէ կարեւոր դեր ունենալ Փորթուգալի ազգային խումբին հետ, որ 2026-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն կը մասնակցի:

Ասիկա կրնայ ըլլալ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի 6-րդ յաջորդական Մոնտիալը, որ մրցանիշ մըն է, որուն ընթացքին յոգնութեան ոչ մէկ նշան ցոյց կու տայ հասնելու 1000 կոլերու սահմանին:

Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Ռէալ Մատրիտի նախկին աստղը, որ 5 անգամ «Պալոն տ՛օր»-ը շահած է, ըսաւ, թէ մտիկ չ՛ըներ իր ընտանիքին խօսքերուն, որ… պէտք է աւարտէ իր ասպարէզը:

Ռոնալտօ այս շաբաթ յատուկ մրցանակ մը ստացաւ Փորթուգալի ֆետերասիոնէն, որ կը տօնէր իր 22-րդ տարին ազգային խումբի շապիկով` կատարելով 223 մրցում (մրցանիշ):

Ան կը շարունակէ մնալ խմբապետը եւ առաջնորդել Փորթուգալը Մոնտիալի զտումի մրցումներուն, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ազգերու լիկան շահելէ ետք ամրան, եւ ըստ իրեն պատճառ չունի, որ չշարունակէ իր ասպարէզը:

«Մարդիկ, մասնաւորաբար ընտանիքս, կ՛ըսեն, թէ պէտք է կենամ: Ամէն ինչ իրագործեցիր: Ինչո՞ւ կ՛ուզես 1000 կոլ նշանակել… Բայց չեմ կարծեր: Կը կարծեմ, թէ տակաւին արդիւնաւէտ եմ, կրնամ օգնել ակումբիս եւ ազգային խումբիս… Ինչո՞ւ չշարունակել: Վստահ եմ, որ երբ աւարտեմ (ասպարէզս), գոհ պիտի մնամ, որովհետեւ կարելիս ըրի: Գիտեմ որ շատ տարիներ չունիմ, բայց մնացեալ քանի մը տարին պիտի վայելեմ առաւելագոյնս: Այս մրցանակը ասպարէզ աւարտելու մրցանակ չէ: Ես զայն կը նկատեմ իբրեւ տարիներու աշխատանքի, նուիրումի եւ նպատակի հետապնդման արդիւնք: Կը սիրեմ յաղթել, օգնել աւելի երիտասարդ սերունդներուն, եւ իրենք ալ նոյնպէս ինծի կ՛օգնեն պահելու մակարդակս եւ շարունակելու մրցիլը: Այս մէկն է, որ ինծի աւելի մղում  կու տայ… Աւելի երիտասարդներու հետ պայքարիլ, տակաւին ախորժակ ունիմ ասոր», ըսաւ Ռոնալտօ:

Հակառակ  անոր որ վերջին տարիներուն ան հեռացաւ եւրոպական ֆութպոլէն, այսուհանդերձ Ռոնալտօ պահեց իր միջազգային մակարդակը` վերջին ժամանակաշրջանին ունենալով կարեւոր ձեռքբերումներ:

Ան Փորթուգալի հետ զտումի երկու մրցումներուն 3 կոլ նշանակած է առայժմ, ինչպէս նաեւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ազգերու լիկայի կիսաւարտական եւ աւարտական մրցումներուն` Գերմանիոյ եւ Սպանիոյ դէմ:

Միեւնոյն ժամանակ, ան Սէուտական Արաբիոյ «Նուր» ակումբին հետ ալ կոլեր կը նշանակէ, եւ անցեալ տարեշրջանի ոսկի կօշիկն ալ շահած էր իբրեւ լաւագոյն կոլսքորըր (25 կոլ):

Ան յունիսին նոր պայմանագրութիւն ալ պարգեւեց Նասրի հետ մինչեւ 2027, երբ 42 տարեկան կ՛ըլլայ:

«Ես յաճախ կ՛ըսէի, որ եթէ կարելի ըլլար միայն ազգային խումբէն խաղալ, կը նախընտրէի: Չէի ուզեր որեւէ ակումբէ խաղալ, որովհետեւ ազգային խումբին հետ խաղալը գերագոյն նպատակը պէտք է ըլլայ ֆութպոլիստի մը: Ինծի համար պատիւ է ազգային խումբին հետ խաղալը», ըսաւ Ռոնալտօ:

Եթէ Փորթուգալ հասնի եւ ինք ներկայ ըլլայ խումբին հետ 2026-ի Մոնտիալին, ինչպէս նշեցինք մրցանիշ պիտի ըլլայ 6 մոնտիալներու մասնակցիլը: Ան 2006-ին մասնակցած էր առաջին անգամ, ուր Փորթուգալ իր լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգած էր հասնելով կիսաւարտական եւ Ֆրանսայէն պարտուելով (1-0): Վերջին Մոնտիալին` Քաթարի մէջ, Փորթուգալ քառորդ աւարտական հասած էր:

Անոր առաջին միջազգային տիտղոսը 2016-ի Եուրոն էր, եւ ան երկու անգամ շահեցաւ նաեւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ազգերու լիկայի տիտղոսը:

Նախորդը

«Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղի Փորձերը Հասան Իրենց Աւարտին Եւ Այսօր Կը Սկսին Ներկայացումները

Յաջորդը

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Եգիպտոս Շահեցաւ Մոնտիալի Իր Տոմսը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ-Հուփս
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ-Հուփս

Հոկտեմբեր 20, 2025
ՀՄԸՄ Պուրճ  Համուտ Լրջօրէն Կը Պատրաստուի
Մարզական

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Լրջօրէն Կը Պատրաստուի

Հոկտեմբեր 20, 2025
Կերակուսեան 2 Կոլ Նշանակեց Նիւքեսըլի Դէմ «Տերպի»-ին
Մարզական

Կերակուսեան 2 Կոլ Նշանակեց Նիւքեսըլի Դէմ «Տերպի»-ին

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?