Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը (ՀՖՖ) ՖԻՖԱ-ին կողմէ 13 հազար զուիցերիական ֆրանքի տուգանքի ենթարկուեցաւ, անցեալ ամիս Հայաստանի ազգային խումբի զտումի մրցումներու ընթացքին տեղի ունեցած միջադէպերուն պատճառով:
Ըստ ՖԻՖԱ-ի պատժական կոմիտէին, Հայաստան-Փորթուգալ մրցումին պահուն ՀՖՖ մեղաւոր էր կարգ մը օրէնքներու խախտումներու մէջ, խումբի անկարգ վարկագիծի, ապահովութեան խախտման, մարզադաշտ ներխուժման կամ ներխուժման փորձի, ինչպէս նաեւ պայթուցիկի գործածութեան համար:
ՖԻՖԱ-ի կանոնագիրի 17,17.2 գ, 17.2.Ա. եւ 14.5 յօդուածներու հիման վրայ նշանակուած է 12 հազար զուիցերիական ֆրանքի տուգանք:
3 օր ետք` Իրլանտայի դէմ մրցումին, ապահովութեան եւ պայթուցիկներու գործածութեան համար ՀՖՖ-ին դէմ նշանակուած է յաւելեալ հազար զուիցերիական ֆրանքի տուգանք, ըստ 17 եւ 17.2.գ. յօդուածներուն: