Արժանթինի Տեփորթիւօ Արմենիօ ֆութպոլի հայկական ակումբի նախագահ հայազգի Լուսիանօ Նաքիս նշանակուեցաւ ՖԻՖԱ-ի տղոց ազգային խումբի մրցումներու յանձնախումբի անդամ:
Որոշումը կայացաւ Ցիւրիխի մէջ տեղի ունեցած ՖԻՖԱ-ի խորհուրդի նիստի ընթացքին, որուն կը մասնակցէին Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Քլաուտիօ Թափիա եւ անշուշտ Նաքիս, որ նաեւ Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնի օգնական քարտուղարն է:
Նաքիսի այս նշանակումը գնահատանք է անոր երկար տարիներու ներդրումին համար, ուր ան լրջօրէն աշխատած է թէ՛ արժանթինեան, թէ՛ ալ միջազգային ֆութպոլի զարգացման ու կառավարման գործին մէջ:
Հայկական արմատներով եւ արժանթինահայ համայնքին համար խորհրդանշական իմաստ ունեցող ակումբի նախագահի մը համար այս իրադարձութիւնը կարեւոր ձեռքբերում է:
ՖԻՖԱ Նաքիսը ընդգրկած է կազմակերպութեան առանցքային յանձնախումբերէն մէկուն մէջ, որ կը զբաղի միջազգային (տղոց) ազգային խումբերու մրցաշարքերու կազմակերպման եւ կանոնագիրներու հարցերով: Այս պաշտօնը անոր կարելիութիւն կու տայ անմիջական ձեւով մասնակցելու ՖԻՖԱ-ի հովանիին տակ կատարուելիք մրցումներու օրացոյցին եւ ձեւաչափին վերաբերող քննարկումներուն ու որոշումներուն ընդունման:
Նաքիսէն անկախ, ՖԻՖԱ-ի տարբեր յանձնախումբերու մէջ ընդգրկուած են եօթը այլ արժանթինցի ներկայացուցիչներ` Քլաուտիօ Թափիա (խաղի կանոններու յանձնախումբ), Փապլօ Վասքես (դաշտերու եւ ապահովութեան յանձնախումբ) Ֆետերիքօ Պելիկոյ (իրաւարարներու յանձնախումբ) եւ ֆութպոլի այլ ազդեցիկ գործիչներ:
Այսպիսով, Լուսիանօ Նաքիսի ներկայութիւնը ՖԻՖԱ-ի գործունէութեան մէջ կ՛ամրապնդէ թէ՛ Արժանթինի, թէ՛ ալ հայկական համայնքի դիրքերը միջազգային ֆութպոլի շրջանակներուն մէջ` ստեղծելով համագործակցութեան եւ ֆութպոլի զարգացման նոր կարելիութիւններ համաշխարհային մակարդակի վրայ: