Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Լրջօրէն Կը Պատրաստուի

Հոկտեմբեր 20, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դ. դասակարգի ախոյեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի համար տարեշրջանը աւարտեցաւ սեպտեմբերին, բայց վարչութիւնը ոչ մէկ վայրկեան կորսնցուց նոր տարեշրջանին պատրաստուելու եւ արդէն իսկ լրջօրէն կը շարունակէ իր գործը:

Վերահաստատելէ ետք իր մարզիկներուն մեծամասնութիւնը, Պուրճ Համուտի խումբը,  աւելի եւս զօրացնելու համար ինքզինք, ձեռք ձգեց լիբանանեան ֆութպոլի վերջին 20 տարիներու փայլուն աստղերէն Ուիսամ Ապտել Հատին, որ առաջին երկու դասակարգերուն մէջ իր կոլերով տարիներ շարունակ դարձած է աստղ մը: Պաղեստինցի  կոլ-սքորըրը, որ 2022-ին դարձած էր Բ. դասակարգի լաւագոյն կոլ-սքորըրը, միացաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտին` իր փորձառութեամբ օգնելու համար խումբին:

Անսարի, Ռասինկի, Սաֆայի, Թատամոն Սուրի, Շապապ Սահելի, Պուրժի, Սաժեսի, Ախա Ալէյի եւ Մապարրայի կոլ-սքորըրը ՀՄԸՄ-ի շապիկով հանդէս պիտի գայ յառաջիկայ տարեշրջանին:

Խումբի մարզիչ Իպրահիմ Խայրէտտին բոլոր դիրքերը աւելի եւս զօրացնելու նպատակով ձեռք ձգեց նաեւ Ատնան Շամին, Սոֆեան Մըսթոն եւ տակաւին կ՛աշխատի աւելի եւս զօրացնելու բոլոր դիրքերը, զորս կը նկատէ համեմատաբար աւելի տկար, մանաւանդ որ խումբը նպատակ ունի բարձրանալու Բ. դասակարգ:

Վստահաբար Գ. դասակարգի մակարդակը աւելի դժուար կրնայ ըլլալ Դ. դասակարգէն, եւ կարիքը պիտի զգացուի նոյնիսկ լաւ պահեստի մարզիկներու, համակիրներն ալ պատրաստ պիտի ըլլան յաղթանակներ տօնելու յառաջիկայ եղանակին:

Լաւ ձեւով պատրաստուիլը շատ պիտի օգնէ,  որ հին մարզիկները վարժուին նորերուն, եւ արդիւնքը կրնանք քաղել յառաջիկայ տարեշրջանին:

Յաջողութիւն կը յայտնենք վարչութեան, որ իր բոլոր ջանքերը կը տրամադրէ մարտունակ խումբ մը ունենալու համար Գ. դասակարգին մէջ:

 

Նախորդը

Կերակուսեան 2 Կոլ Նշանակեց Նիւքեսըլի Դէմ «Տերպի»-ին

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ-Հուփս

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ-Հուփս
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ-Հուփս

Հոկտեմբեր 20, 2025
Կերակուսեան 2 Կոլ Նշանակեց Նիւքեսըլի Դէմ «Տերպի»-ին
Մարզական

Կերակուսեան 2 Կոլ Նշանակեց Նիւքեսըլի Դէմ «Տերպի»-ին

Հոկտեմբեր 20, 2025
Կերակուսեան 2 Կոլ Նշանակեց Նիւքեսըլի Դէմ «Տերպի»-ին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Յովհաննէս Նահապետեան Յաղթեց

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?