Հայ ըմբիշ Արմէն Կարապետեան (70 քկ) շահեցաւ պրոնզ մետալ, 2025-ի աշխարհի վեթերաններու ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Պուտափեշթի մէջ (Հունգարիա) տեղի ունեցող աշխարհի ախոյեանութեան, Կարապետեան 5-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց վրացի Զվիատ Կվիլաւան:
70 քկ կշիռի ոսկի մետալը շահեցաւ գերմանացի Եոհանես Ուխէօնհոլթ, մինչ ղազախ ըմբիշ Նուրան Սերիքպոլ շահեցաւ արծաթ մետալը: