Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտելաթի. «Շարմ Շէյխի Բանակցութիւններուն Կը Քննարկուի Կազայէն Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացումը Երաշխաւորող Ապահովական Մեքանիզմ Մը»

Հոկտեմբեր 8, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելլաթի յայտարարեց. «Շարմ Շէյխի մէջ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններուն մէջ Կազայի պատերազմին վերջ տալու ուղղութեամբ մեծ յառաջընթաց կ՛արձանագրենք»:

Եգիպտական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ բանակցութիւններուն ընթացքին կը քննարկուի ստեղծումը ապահովական մեքանիզմի մը, որ կ՛երաշխաւորէ Կազայէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացումը:

Կը քննարկուի նաեւ ՄԱԿ-ի ճամբով օժանդակութիւններու ամբողջական եւ առանց պայմաններու Կազա մուտքը:

Ապտելաթի նշեց, թէ բանակցութիւններու ընթացքին ջանք կը թափուի ամրագրելու երկու պետութիւններ սկզբունքով լուծումի եւ Այսրյորդանանի եւ Կազայի ամբողջական միասնականութեան հիմամբ արդար խաղաղութեան երթ մը:

«Կը յուսանք, որ բանակցութիւններու ներկայ փուլը աւարտի պատերազմի եւ սովի դադրեցումով, եւ պաղեստինցի ժողովուրդի տառապանքին վերջ տալով», նշեց Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը:

Բանակցութիւններու ընթացքին ծանօթ երկու աղբիւրներ երէկ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեցին, թէ բանակցութիւնները «դրական» են:

Աղբիւրներէն մէկը նշեց. «Բանակցութիւնները անցեալ գիշեր դրական էին, եւ առաջին նիստը չորս ժամ տեւեց»` աւելցնելով. «Անուղղակի բանակցութիւնները այսօր կէսօրին պիտի շարունակուին Շարմ Շէյխի մէջ»:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Իսրայէլ պէտք էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Կազայի վերաբերեալ ծրագիրին հիմամբ զինադադար հաստատէր:

Նախարարութիւնը նշեց, որ գոյութիւն ունին բազմաթիւ մանրամասնութիւններ, որոնց շուրջ պէտք է աշխատանք տանիլ:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Տոհայի մէջ  Համասի գրասենեակին մասին խօսելու համար կանուխ է:

Նախարարութեան համաձայն, Համասի կողմէ գերիներու յանձնումը պատերազմին վերջ տալ կը նշանակէ:

 

 

 

Նախորդը

Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ Եւ Աշրաֆիէ Թաղամասերուն Մերձակայքին Մէջ Սուրիական Անվտանգութեան Ուժերու Եւ Քիւրտերու Միջեւ Բուռն Բախումներ

Յաջորդը

Թրամփ. «Համաս Չափազանց Կարեւոր Հարցերու Համաձայնեցաւ, Եւ Իրան Մեզի Ուժեղ Ցուցանիշ Տուաւ, Թէ Կազայի Մէջ Համաձայնութիւն Կ՛ուզէ»

RelatedPosts

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը
Միջազգային

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Քրեմլին. «Մոսկուան Տակաւին Ուաշինկթընի Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Նկատմամբ Դրական Տրամադրուած Է»

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?