Նետերլանտներու հայ բռնցքամարտ Արտեմ Գասպարեան վստահ յաղթանակ տարաւ Մանչեսթըրի մէջ տեղի ունեցած բռնցքամարտի երեկոյեան` երրորդ ռաունտին նաք-աութի ենթարկելով փորձառու լեհ Ռոպերթ Թալարքին:
Արտեմ Գասպարեան, որ իր 12 մրցումներուն 11-ը յաղթած էր նաք-աութով, սկզբունքով պիտի մրցէր բրիտանացի Ֆրիզի Մաքպունսի դէմ (11-0) «Այ. Պի. Օ.» միջցամաքամասային տիտղոսին համար, բայց վերջինիս վիրաւոր ըլլալուն պատճառով հրաժարեցաւ մենամարտէն: Այդ պատճառով ալ հայ մարզիկին մրցակիցը դարձաւ 42 տարեկան Թալարեք, որ կարճ ժամանակի ընթացքին փոխարինած էր Մաքպունսը:
Այս յաղթանակով, Գասպարեան իր անյաղթ մրցումներուն շարքը հասցուց 13-ի: Կը սպասուի, որ ան յաջորդ մրցումներուն աւելի լուրջ մրցակիցներու դէմ մրցումներ ունենայ` հասնելու տիտղոսի մը: