Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը` գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորութեամբ, սկսաւ իր մարզական հաւաքին` պատրաստուելու համար Հունգարիոյ եւ Իրլանտայի դէմ մրցումներուն:
Հաւաքականին պիտի միանայ Լոքաս Զելարայեան, որ Արժանթինէն անմիջապէս Պուտափեշտ պիտի մեկնի 10 հոկտեմբերին, օր մը ետք մասնակցելու Հունգարիոյ դէմ մրցումին:
Երկուշաբթի օր արդէն իսկ սկսած այս փորձերուն միացան Վահան Բիչախչեան, Արթուր Միրանեան, Տիգրան Բարսեղեան, Հրանդ-Լէոն Ռանոս եւ Նայիր Թիկնիզեան:
Խումբին վերամիացած Կարէն Մուրատեան եւ Դաւիթ Դաւիթեան կարճ դադարէ ետք վերստին հրաւիրուած էին ազգային խումբ:
«Ֆիզիքական լաւ վիճակի մէջ եմ: Հաւաքականին մէջ հրաշալի մթնոլորտ կայ: Ունինք երկու բարդ մրցումներ օտար դաշտի վրայ, եւ մենք պէտք է հաւատանք դրական արդիւնքի ու տանք մեր առաւելագոյնը` յաղթանակի համար: Մենք ունինք լաւ ֆութպոլիստներ, որոնք կրնան հասնիլ մեծ յաջողութիւններու», ըսաւ Մուրատեան:
«Եղիշէ Մելիքեանի հետ արդէն աշխատած եմ… Ան հրաշալի մասնագէտ է: Ան քիչ մը ժամանակ եւս կ՛ուզէ, որպէսզի խումբը դառնայ աւելի եւս միասնական: Անոր գլխաւոր որակն է ֆութպոլիստներուն հասկնալը` անոնց զօրաւոր եւ տկար կէտերով: Մեզի երկու դժուար մրցակիցներ կը սպասեն:
Բայց կը հաւատանք, որ կրնանք յաջողութեամբ խաղալ եւ հասնիլ յաղթանակի», ըսաւ Դաւիթեան:
Միւս կողմէ, տակաւին Ռուսիոյ ախոյեանոթեան ուշադրութիւնը կը գրաւէ Սփերձեան-Նտոնկի վէճը:
Կրասնոտարի խմբապետ Էդուարդ Սփերձեանը կը քննադատուի այն բանի համար, որ ծայրայեղ ցեղապաշտական խօսքեր ուղղած է Կրոզնիի պաշտպան Ռուման Նտունկիի հասցէին, վերջինս բռունցքով հարուածած է հայ միջնապահի դէմքին:
Իրաւարարը ՎԱՐ-ի պաստառին վրայ դիտելէ ետք դէպքը կարմիր քարտով վտարած էր սենեկալցի պաշտպանը եւ դեղին քարտ տուած Սփերձեանին:
Սփերձեան այս առիթով ըսաւ. «Կը ցանկամ մեկնաբանել իրավիճակը, որ սահմանէ դուրս եկած է: Ես անընդունելի կը նկատեմ չապացուցուած մեղադրանքները իմ հասցէիս: Պատրաստ եմ ապացուցելու իմ արդարութիւնը որեւէ ձեւով: Շրթունքներէս կարդացէք. փոլիկրաֆ խնդիր չկայ: Ես իմ ըսած խօսքերս շատ լաւ գիտեմ: Ես Կովկասի մէջ ապրած եմ, գիտեմ բոլոր կրօնները եւ գործերը: Ծնողներս զիս լաւ դաստիարակած են: Այն, ինչ որ կը կատարուի ծիծաղելի է»:
«Ան ինծի սպաներէնով վիրաւորեց եւ ես պարզապէս պատասխանեցի «քալա պոքա» (լռէ՛): Բոլոր մարզիկները մօտս էին եւ լսեցին ամէն ինչ»:
Կրոզնիի ակումբը բնականաբար կ՛աջակցի իր ֆութպոլիստին եւ կ՛ուզէ պատժել Սփերձեանը:
Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը այս քանի մը օրը պիտի վճռէ այս հարցը` պատժելով Սփերձեանը (եթէ հաստատուի, թէ մեղաւոր է):