Այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ պասքեթպոլի բարեկամական մրցաշարք մը, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ. մրցաշարքին ՀՄԸՄ¬ի տղոց խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Պէյրութ Ֆըրսթի, Սաժեսի եւ Անթունիէի կողքին:
Շաբաթ օր յետմիջօրէի ժամը 16:30-ին տեղի պիտի ունենայ կիսաւարտականի մրցումը ՀՄԸՄ-ի եւ Պէյրութի միջեւ, իսկ աւելի ուշ երեկոյեան ժամը 21:30-ին Սաժես պիտի մրցի Անթունիէի դէմ:
Յաղթական խումբերը կիրակի օր ժամը 21:30-ին պիտի մրցին աւարտական մրցումին:
Այս մրցաշարքը պատրաստութիւն պիտի ըլլայ ՀՄԸՄ¬ի համար, որ փորձերու սկսաւ անցեալ շաբաթ. խաղցողներուն մեծամասնութիւնը արդէն իսկ հասած են եւ կը հետեւին լուրջ փորձերու:
Անթունիէ եւ Սաժես շատ աւելի լաւ պատրաստ են այս «Չելենճ քափ» մրցաշարքին` նկատի առնելով, որ անոնք աւելի կանուխ սկսած են փորձերու եւ արդէն իսկ մասնակցեցան արաբական ակումբներու մրցաշարքին: