ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 95-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ-ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ
ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՏՈՒՑՈՒՄ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Այսու ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին եւ դպրեվանքի 95-րդ կրթական-ուսումնական տարեշրջանի վերամուտին առիթով, կիրակի, 12 հոկտեմբեր 2025-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Օրհնութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐԱՊԱՏԻՒ Տ. ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
(Տեսուչ դպրեվանուց)
Սուրբ պատարագի մատուցումէն անմիջապէս ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ դպրեվանքի 95-րդ տարեշրջանի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, որուն աւարտին վեհափառ հայրապետը պիտի ուղղէ իր հայրապետական պատգամը:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդին մասնակցելու սուրբ պատարագին, հաղորդ դառնալու Սրբոց Թարգմանչաց սերունդի ոգիին եւ զօրակցելու ու նեցուկ կանգնելու դպրեվանքի սրբազան առաքելութեան:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————–
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
«ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ»
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
2025-2026
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Արամ Ա. կաթողիկոս» հայագիտական հիմնարկը պիտի բոլորէ 13-րդ կրթական տարեշրջանը:
- Դասաւանդութիւնները պիտի կատարուին եռօրեայ դրութեամբ` երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 5:00-7:30, «Խորէն Ա.» կեդրոնին մէջ, Ֆանար:
- Լիբանանէն դուրս բնակող ուսանողներուն առիթ պիտի ընծայուի առցանց հետեւելու դասընթացքներուն:
- Նոր ուսանողներու արձանագրութիւնները կը սկսին երկուշաբթի, 1 սեպտեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00 (բացի` շաբաթ եւ կիրակի օրերէն):
- Ուսումը անվճար:\
- Վերամուտ` երկուշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2025, երեկոյեան ժամը 5:00-ին:
ՆՈՐ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ ՊԱՐՏԻՆ ԻՐԵՆՑ ՀԵՏ ՈՒՆԵՆԱԼ
– 1 Լուսանկար
– Անձնաթուղթի պատճէն
– Բ. պաքալորէայի կամ անոր համապատասխանող վկայականի պատճէնը:
- Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել կաթողիկոսարան` 04-410001, տնօրէնութիւն` պրն. Ահարոն Շխրտըմեան 03-713897:
«ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ» ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ
ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————–
ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 105-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՄԱՏԱՂԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Հաճնոյ հերոսամարտի նահատակներուն նուիրուած աւանդական մատաղի պատրաստութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 11 հոկտեմբեր 2025-ին:
Հետեւաբար, կոչ կ՛ուղղենք բոլոր հայրենակիցներուն եւ բարեկամներուն, որ իրենց մատաղցու ոչխարը կամ նուիրատուութիւնները փոխանցեն Հաճնոյ հայրենակցական միութեան գրասենեակ, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ խորհրդատուն եւ կամ շրջող հանգանակիչներուն:
ՀԱՃՆՈՅ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ