Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւններ (7 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 7, 2025
| Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 95-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ-ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ
ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՏՈՒՑՈՒՄ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Այսու ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին եւ դպրեվանքի 95-րդ կրթական-ուսումնական տարեշրջանի վերամուտին առիթով, կիրակի, 12 հոկտեմբեր 2025-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ:

Օրհնութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐԱՊԱՏԻՒ Տ. ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
(Տեսուչ դպրեվանուց)

Սուրբ պատարագի մատուցումէն անմիջապէս ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ դպրեվանքի 95-րդ տարեշրջանի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, որուն աւարտին վեհափառ հայրապետը պիտի ուղղէ իր հայրապետական պատգամը:

Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդին մասնակցելու սուրբ պատարագին, հաղորդ դառնալու Սրբոց Թարգմանչաց սերունդի ոգիին եւ զօրակցելու ու նեցուկ կանգնելու դպրեվանքի սրբազան առաքելութեան:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

————————————–

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
«ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ»

ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻ

ՎԵՐԱՄՈՒՏ
2025-2026

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Արամ Ա. կաթողիկոս» հայագիտական հիմնարկը պիտի բոլորէ 13-րդ կրթական տարեշրջանը:

  • Դասաւանդութիւնները պիտի կատարուին եռօրեայ դրութեամբ` երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 5:00-7:30, «Խորէն Ա.» կեդրոնին մէջ, Ֆանար:
  • Լիբանանէն դուրս բնակող ուսանողներուն առիթ պիտի ընծայուի առցանց հետեւելու դասընթացքներուն:
  • Նոր ուսանողներու արձանագրութիւնները կը սկսին երկուշաբթի, 1 սեպտեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00 (բացի` շաբաթ եւ կիրակի օրերէն):
  • Ուսումը անվճար:\
  • Վերամուտ` երկուշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2025, երեկոյեան ժամը 5:00-ին:

ՆՈՐ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ ՊԱՐՏԻՆ ԻՐԵՆՑ ՀԵՏ ՈՒՆԵՆԱԼ

– 1 Լուսանկար
– Անձնաթուղթի պատճէն
– Բ. պաքալորէայի կամ անոր համապատասխանող վկայականի պատճէնը:

  • Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել կաթողիկոսարան` 04-410001, տնօրէնութիւն` պրն. Ահարոն Շխրտըմեան 03-713897:

«ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ» ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ
ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

————————————–

ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 105-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՄԱՏԱՂԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Հաճնոյ հերոսամարտի նահատակներուն նուիրուած աւանդական մատաղի պատրաստութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 11 հոկտեմբեր 2025-ին:

Հետեւաբար, կոչ կ՛ուղղենք բոլոր հայրենակիցներուն եւ բարեկամներուն, որ իրենց մատաղցու ոչխարը կամ նուիրատուութիւնները փոխանցեն Հաճնոյ հայրենակցական միութեան գրասենեակ, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ խորհրդատուն եւ կամ շրջող հանգանակիչներուն:

ՀԱՃՆՈՅ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Յաջորդը

«Ղարաբաղը Հայաստանին» Շարժումը Ստալինեան Բռնաճնշումներ Եւ Սկիզբ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (18 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (17 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (15 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?