Արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսար յայտնեց. «Արդարադատութեան անկախութիւնը հիմնական հարց է, անհրաժեշտ է արդարադատութիւնը հեռու պահել որեւէ ճնշումէ, ինչ որ ալ ըլլայ»:
Անդրադառնալով Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի շուրջ հետաքննութեան` Նասսար նշեց. «Յարգելով արդարադատութեան անկախութիւնը, ես չեմ միջամտեր հետաքննութեան, որ կը կատարէ արդարադատական դատախազ դատաւոր Թարեք Պիթարը: Սակայն մօտէն կը հետեւինք «Ռոսուս» նաւու սեփականատէր Իկոր Կրեչոշքինի ստանձնման թղթածրարին եւ պուլկարական կողմէն որեւէ ժխտական դիրքորոշում չտեսանք»:
«Նաւուն սեփականատէրը ներկայիս կալանաւորուած է եւ հարցաքննութեան չ՛ենթարկուիր: Կը շարունակենք զինք Լիբանանի մէջ հարցաքննելու համար զայն ստանձնելու անհրաժեշտ քայլերը», ըսաւ ան` շեշտելով. «Պէտք է կառչած մնանք այս թղթածրարին, եւ այս հետաքննութիւնները ամբողջացնելու բոլոր պայմանները պէտք է ապահովենք: Ես նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարի դատախազին տրամադրութեան տակ եմ, արդարադատութեան նախարարութեան իրաւասութիւններուն շրջագիծին մէջ»:
Անդրադառնալով Լիբանան-Սուրիա ժողովին` ան նշեց. «Հիմնական հետաքրքրութիւնը կը վերաբերի Լիբանանի մէջ ոճիրներ գործելուն եւ Սուրիա փախուստ տուածներուն, ներառեալ Հապիպ Շարթունին, եւ մեզի յանձնելուն որեւէ փաստաթուղթ կամ տեղեկութիւն, որ քաղաքական ահաբեկումներուն կ՛առնչուի: Կարեւորը այս հետաքննութիւնները յառաջ մղելն է. պատասխանը դրական էր, եւ հասկացողութիւն ցուցաբերուեցաւ: Ինչպէս նաեւ կայ բռնի անհետացուածներու թղթածրարը»:
«Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի մէջ կալանաւորուած սուրիացիներուն, երկու կողմերէն դրական վերաբերմունք կայ, սակայն լուծումը լիբանանցի ժողովուրդի արիւնին հաշուոյն չ՛ըլլար», նշեց Նասսար:
«Զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելը պետութեան կառուցման ներքին պահանջ է, եւ երդման ճառին ու կառավարութեան աշխատանքին մէջ ներառուած պահանջ է, եւ պետութեան կառուցման պայման է: Զէնքի մենաշնորհման խոչընդոտումը կը նշանակէ խոչընդոտել լիբանանեան պետութեան կառուցումը», շեշտեց նախարարը` աւելցնելով. «Լիբանանեան բանակը հսկայական աշխատանք կը կատարէ, եւ զէնքի մենաշնորհումը տեղի կ՛ունենայ լրատուական լուսարձակներէ հեռու, եւ պիտի շարունակուի բանակի ծրագիրին հիմամբ»:
Անդրադառնալով Ռաուշէի ժայռի միջադէպին` արդարադատութեան նախարարը նշեց. «Արդարադատութեան դերը երկրին մէջ քաղաքական խնդիրները լուծել չէ: Ան իր դերը կը կատարէ կանոններուն համաձայն, եւ արդարադատական ընթացակարգը շուտով պիտի ամբողջանայ: Հըզպալլան պէտք է ներգրաւուի պետութեան ծրագիրին մէջ»:
«Ռաուշէի ժայռի լուսաւորումը վարչական որոշումի խախտում է, եւ կուսակցութիւնը անոր ճամբով իր համակիրներուն յղեց պատգամ մը ըսելով. «Ես պետութեան չեմ հնազանդիր»: