Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նասսար. «Զէնքի Մենաշնորհումը Լուսարձակներէ Հեռու Տեղի Կ՛ունենայ»

Հոկտեմբեր 6, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսար յայտնեց. «Արդարադատութեան անկախութիւնը հիմնական հարց է, անհրաժեշտ է արդարադատութիւնը հեռու պահել որեւէ ճնշումէ, ինչ որ ալ ըլլայ»:

Անդրադառնալով Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի շուրջ հետաքննութեան` Նասսար նշեց. «Յարգելով արդարադատութեան անկախութիւնը, ես չեմ միջամտեր հետաքննութեան, որ կը կատարէ արդարադատական դատախազ դատաւոր Թարեք Պիթարը: Սակայն մօտէն կը հետեւինք «Ռոսուս» նաւու սեփականատէր Իկոր Կրեչոշքինի ստանձնման թղթածրարին եւ պուլկարական կողմէն որեւէ ժխտական դիրքորոշում չտեսանք»:

«Նաւուն սեփականատէրը ներկայիս կալանաւորուած է եւ հարցաքննութեան չ՛ենթարկուիր: Կը շարունակենք զինք Լիբանանի մէջ հարցաքննելու համար զայն ստանձնելու անհրաժեշտ քայլերը», ըսաւ ան` շեշտելով. «Պէտք է կառչած մնանք այս թղթածրարին, եւ այս հետաքննութիւնները ամբողջացնելու բոլոր պայմանները պէտք է ապահովենք: Ես նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարի դատախազին տրամադրութեան տակ եմ, արդարադատութեան նախարարութեան իրաւասութիւններուն շրջագիծին մէջ»:

Անդրադառնալով Լիբանան-Սուրիա ժողովին` ան նշեց. «Հիմնական հետաքրքրութիւնը կը վերաբերի Լիբանանի մէջ ոճիրներ գործելուն  եւ Սուրիա փախուստ տուածներուն, ներառեալ Հապիպ Շարթունին, եւ մեզի յանձնելուն որեւէ փաստաթուղթ կամ տեղեկութիւն, որ քաղաքական ահաբեկումներուն կ՛առնչուի: Կարեւորը այս հետաքննութիւնները յառաջ մղելն է.  պատասխանը դրական էր, եւ հասկացողութիւն ցուցաբերուեցաւ: Ինչպէս նաեւ կայ բռնի անհետացուածներու թղթածրարը»:

«Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի մէջ կալանաւորուած սուրիացիներուն, երկու կողմերէն դրական վերաբերմունք կայ, սակայն լուծումը լիբանանցի ժողովուրդի արիւնին հաշուոյն չ՛ըլլար», նշեց Նասսար:

«Զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելը պետութեան կառուցման ներքին պահանջ է, եւ երդման ճառին ու կառավարութեան աշխատանքին մէջ ներառուած պահանջ է, եւ պետութեան կառուցման պայման է: Զէնքի մենաշնորհման խոչընդոտումը կը նշանակէ խոչընդոտել լիբանանեան պետութեան կառուցումը», շեշտեց նախարարը` աւելցնելով. «Լիբանանեան բանակը հսկայական աշխատանք կը կատարէ, եւ զէնքի մենաշնորհումը տեղի կ՛ունենայ լրատուական լուսարձակներէ հեռու, եւ պիտի շարունակուի բանակի ծրագիրին հիմամբ»:

Անդրադառնալով Ռաուշէի ժայռի միջադէպին` արդարադատութեան նախարարը նշեց. «Արդարադատութեան դերը երկրին մէջ քաղաքական խնդիրները լուծել չէ: Ան իր դերը կը կատարէ կանոններուն համաձայն, եւ արդարադատական ընթացակարգը շուտով պիտի ամբողջանայ: Հըզպալլան պէտք է ներգրաւուի պետութեան ծրագիրին մէջ»:

«Ռաուշէի ժայռի լուսաւորումը վարչական որոշումի խախտում է, եւ կուսակցութիւնը անոր ճամբով իր համակիրներուն յղեց պատգամ մը ըսելով. «Ես պետութեան չեմ հնազանդիր»:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Հարաւային Քորէայի Դեսպանատան Կազմակերպած Ընդունելութեան Ընթացքին. Պայրագտարեան Հանրապետութեան Նախագահն Ու Վարչապետը Ներկայացուց

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?