Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ շեշտեց. «Անհրաժեշտ է խորհրդարանական ընտրութիւնները կատարել իրենց ժամկէտին եւ ի զօրու եղող այն օրէնքով, որուն հիմամբ վերջին ընտրութիւնները տեղի ունեցան, եւ որ օրին որդեգրուեցաւ երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն եւ երկրի բոլոր քաղաքական ուժերուն համաձայնութեամբ:
«Ընտրութիւնը սահմանադրական գործընթաց մըն է, որ պէտք է յարգել, եւ Միացեալ Նահանգները կամ որեւէ դեսպանատուն կամ պետութիւն չեն կրնար խորհրդարանին պարտադրել իրենց շահերուն համահունչ օրէնքի բարեփոխում կատարել», շեշտեց երեսփոխանը:
Ան կառավարութեան կոչ ուղղեց «չեղեալ նկատելու «Ռիսալաթ» միութեան արտօնագիրը յետս կոչելու օրակարգը, որովհետեւ այդ անբարոյական օրակարգը դրուեցաւ երկուշաբթի օր գումարուելիք նախարարաց խորհուրդի նիստի օրակարգին իբրեւ առաջին կէտ: Եթէ կառավարութիւնը յանդգնի միութիւնը փակել կամ անոր արտօնագիրը յետս կոչել, քաղաքականութեան մէջ այլ խօսք պիտի ըսենք: Մենք չենք սպառնար, այլ քաղաքական աշխատանք կը կատարենք»:
«Արդարադատութեան նախարարը լիբանանեան կառավարութեան մէջ նախարա՞ր է, թէ՞ անոր պարտականութիւնը ամերիկեան քաղաքական քայլերուն համահունչ ըլլալն է: Ան ինչպէ՞ս կրնար նոտարներուն արգիլել իրենց շրջաններուն մէջ պաշտօնական գործողութիւններ եւ պայմանագիրներ կատարել լիբանանցի քաղաքացիներու համար, որոնց դէմ Միացեալ Նահանգները պատժամիջոցներ հաստատած են: Աշխարհի վրայ ուրիշ ո՞ւր կրնանք գտնել ամերիկեան վարչակազմի այս անիրաւ որոշումներուն ենթարկուիլը», հարց տուաւ ան: