Վերջին տարեշրջանին փայլելէ ետք Փարմայի հետ, ֆրանսացի յառաջապահ Անկէ-Եոան Պոնի մեծ դեր ունեցաւ Ինթեր Միլանի 4-1 արդիւնքով յաղթանակին մէջ` Քրեմոնեզէի դէմ մրցումին:
21 տարեկան Պոնի, որ փոխարինած էր Մարքուս Թիտամը (վիրաւոր) այս մրցումին, Ինթերի 4 կոլերուն մէջ ալ դեր ունէր` նշանակելով կոլ մը եւ էսիսթ տալով մնացեալ 3 կոլերուն:
Ինթեր, որ 5-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց, իր դէմ ունէր նոր «Սերի Ա.» բարձրացած խումբ մը, որ Ա. Սէ. Միլանին յաղթելէ ետք իր յաջորդ 4 մրցումներուն հաւասարութիւններ արձանագրելով տակաւին անյաղթ էր:
Ինթեր Միլան կազմակերպուած յարձակումներով «անշարժացուց» իր մրցակիցը եւ 6-րդ վայրկեանէն իսկ բացաւ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ արժանթինցի Լաութատօ Մարթինեսին: Ասիկա Մարթինեսի 4-րդ կոլն էր վերջին 3 մրցումներուն: Տիմարքօ, Մխիթարեան, Պարելլա Ֆրաթելլի եւ Տումֆրիչ շատ լաւ ելոյթ ունեցան եւ դաշտի կեդրոնը «գրաւելով» առիթներ ստեղծեցին յառաջապահ զոյգին: Տիմարքոյի փոխանցումէն ետք Պոնի նշանակեց Ինթերի 2-րդ կոլը: Բ. կիսախաղի սկիզբէն Տիմարքօ եւ Պարելլա նշանակեցին 2 այլ կոլեր, եւ Ինթեր ապահովեց 3 կէտերը, մինչ Ֆետերիքօ Պոնացոլի 87-րդ վայրկեանին նշանակեց Քրեմոնեզէի միակ կոլը:
Հաւասարութեամբ աւարտեցան Աթալանթա-Քոմօ (1-1), Լացիօ Ռոմա-Թորինօ (3-3) մրցումները: Լեչէ եւ Սասուոլօ 1-0 արդիւնքով յաղթեցին յաջորդաբար Փարմայի Վերոնայի դաշտերուն վրայ: