Երէկ՝ Ուրբաթ, 3 Հոկտեմբեր 2025-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, ընդունեց ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան կազմակերպած միջ-ուսանողական խորհրդաժողովի մասնակիցները։ Խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 12 երիտասարդական ու ուսանողական միութիւններ։
Խօսք առնելով միութեան վարչութեան ատենապետ Սամիկ Կարապետեան` խորին երախտագիտութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ իր օրհնութեամբ ու հայրական ներկայութեամբ կարելի դարձաւ մեկնարկել միութեան կազմակերպած յիշեալ խորհրդաժողովը: Ապա, Կարապետեան վեհափառին ներկայացուց միջուսանողական խորհրդաժողովին հետապնդած նպատակները. նախ` արժեւորում կատարել միութեան կատարած գործունէութեան, երկրորդ` վերլուծել միութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները, երրորդ` մշակել ընդհանուր օրակարգ մը, որուն շուրջ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները պիտի կարենան համախմբուիլ: Ան լուսարձակի տակ բերելով հայ կեանքը յուզող զանազան հարցերը` ըսաւ, թէ մեր երիտասարդութիւնը պէտք է պատրաստուի դառնալու ո՛չ միայն տիպար քաղաքացիներ, այլեւ գաղափարական ոգիով ու ազգային ապրումներով թրծուած հաւատացեալ հայորդիներ: «Այս առումով, ձեր պատգամը մեզի համար ունի առաջնակարգ կարեւորութիւն. ձեր ուսուցած սկզբունքները` ծառայութիւն, հայապահպանում, հաւատարմութիւն մեր ազգային ու եկեղեցական արժէքներուն նկատմամբ: Ձեր յորդորներն ու թելադրութիւնները մեզի համար պիտի դառնան ուղեցոյց` մեր կատարելիք աշխատանքներուն», ըսաւ ան: Կարապետեան իր խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով վեհափառ հայրապետին` անոր ցուցաբերած հայրական օժանդակութեան, մշտական հոգածութեան եւ առաջնորդող ուղղութիւններուն համար:
Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունեց ուսանողական միութիւններու կարեւոր դերը մեր ազգային կեանքին մէջ` կարեւորութեամբ շեշտելով ուսումը հայ կեանքին մէջ մասնակցութեամբ արտայայտելու ու զայն ծառայութեամբ արժեւորելու հրամայականը, այլապէս ուսումը կը դառնայ ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ: Անհրաժեշտ է հեռու մնալ նման փորձութենէ: Ապա, վեհափառ հայրապետը չորս կէտերու մէջ իր մտածումներն ու թելադրութիւնները յայտնեց ուսանողներուն.
ա) Պէտք է ուսումը վկայականով չաւարտել, այլ` զայն վերածել մնայուն ընթացքի: Վկայականը գնահատանքի արտայայտութիւն է, միաժամանակ պէտք է դառնայ մարտահրաւէր` ուսման նոր տարածքներու բացուելու ու բարձունքներ նուաճելու: Որեւէ մասնագիտութեան տէր անձ, երբ վկայականը կը նկատէ վերջակէտ, ան երբեք չի յաջողիր իր ասպարէզին մէջ, մանաւանդ ամէնօրեայ նորութիւններով լեցուն ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ:
բ) Պէտք է զգուշ ըլլալ գրքունակ դառնալու փորձութենէն: Ճիշդ է` գիրքը, ուսումնասիրութիւն կատարելը եւ յօդուած գրելը կարեւոր գործօններ են ուսումնական կեանքին մէջ, սակայն անոնք ուսանողը որոշ շրջագիծի մէջ կը պահեն: Ուսանողը պէտք է գիրքէն եւ ուսումնասիրութենէն անդին դիտէ, բնականաբար իր մասնագիտութեան կապուած բնագաւառին մէջ, տեղի ունեցող զարգացումները, որոնք դարձած են յաճախակի ներկայ աշխարհին մէջ:
գ) Պէտք է ներքին յարակցութիւն ստեղծել մեր եւ արտաքին աշխարհի իրականութիւններուն ու մտահոգութիւններուն միջեւ: Ուսումը յաճախ ուսանողը կը մղէ իր մասնագիտութեան ծիրէն, ինչպէս նաեւ հայ կեանքի սահմաններէն ներս մնալու` լայն չափով կտրելով իր յարաբերութիւնը իր շուրջ տեղի ունեցող իրականութիւններուն ու զարգացումներուն հետ: Ճարտարագիտութեամբ տիրապետուած տեղեկատուական ու յարաբերական ներկայ աշխարհին մէջ, ուսանողը չի կրնար ինքզինք պարփակել ու կղզիացնել թէ՛ իր մասնագիտութեան եւ թէ՛ հայկական շրջանակին մէջ. ան կոչուած է ներքին յարաբերութիւն մը ստեղծել անոնց միջեւ, բնականաբար միշտ կապուած մնալով իր մասնագիտութեան ու մեր ազգային իրականութեան:
դ) Պէտք է մեր ազգային ընդհանրական արժէքներն ու իտէալները ամուր պահել: Դուք կու գաք տարբեր երկիրներէ: Հայկական տարբեր գաղութներու մէջ կ՛ապրիք ու կը գործէք: Բնականաբար, ձեր կեանքի ներքին ու արտաքին պայմանները լայն չափով տարբեր են: Այդ տարբերութիւնները յաճախ մօտեցումի ու ոճի, նոյնիսկ առաջնահերթութեան ու գործելակերպի տարբերութիւններ կը յառաջացնեն: Անհրաժեշտ է սակայն, այդ տարբերութիւններէն վեր, կառչած մնալ մեր ազգային հաւաքական ու ընդհանրական արժէքներուն, մտահոգութիւններուն ու իտէալներուն: Հո՛ս կը կայանայ մեր մէ՛կ ազգի ու հայրենիքի, մէ՛կ անցեալի, ներկայի ու ապագայի պատկանելիութեան հիմքն ու երաշխիքը:
Ապա, վեհափառ հայրապետը պատասխանեց խորհրդաժողովի մասնակից երիտասարդներուն կողմէ ուղղուած հարցումներուն:
Հանդիպման աւարտին, անոնք շրջեցան Սուրբ Աստուածածին վանքի շրջափակը, այցելեցին յետ Ցեղասպանութեան հայ ժողովուրդին վերածնունդը խորհրդանշող յուշարձանը, Սուրբ Աստուածածին մատուռը եւ դպրեվանքը: