Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը

Հոկտեմբեր 4, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուի մէջ շարունակուած է հայ պատանդներու դատավարութիւնը, որ կ՛ընթանայ առանց միջազգային կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ անկախ լրատուամիջոցներու բացակայութեան պայմաններուն մէջ:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ըստ ազրպէյճանական պետական լրատու գործակալութիւններուն, ցուցմունք տուած է Իլհամ Մամետով անունով ներկայացող նախկին զինուորը, որ պնդած է, թէ 2002 թուականին գերեվարուած է Հայաստանի զինեալ ուժերուն կողմէ:

Ան պնդած է, թէ իր նկատմամբ «բռնութիւն կիրարկուած է», ապա յայտարարած է, թէ զինք ծեծողներէն մէկը Արցախի բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանն էր: Մնացականեան հերքած է այս մեղադրանքները:

Ան հաստատած է, որ ազրպէյճանցի զինուորը գերեվարուած է 2002-ին, սակայն շեշտած է, որ գերիին նկատմամբ խոշտանգումներ չեն կիրարկուած: Ան ձերբակալուած է, հարցաքննուած է քննիչներու կողմէ, յանձնուած է համապատասխան մարմիններուն, եւ անոր սնունդ յատկացուցած են:

Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանն ալ միջնորդած է դատարանին իրեն տրամադրելու Ազրպէյճանի մէջ արձանագրուած միջազգային կազմակերպութիւններու եւ լրատուամիջոցներու ցանկը: Դատական նիստին նախագահող դատաւորը յայտարարած է, որ այս հարցը չի վերաբերիր դատարանի իրաւասութեան եւ գործունէութեան: Ան նշած է, որ Ազրպէյճանի մէջ «միջազգային կազմակերպութիւններու գործունէութեան հետ կապուած խնդիր չկայ»:

Դատաւորը ըսած է, թէ անոր իրաւունքները պաշտպանող փաստաբանը կրնայ տրամադրել այդ կազմակերպութիւններու ցանկը:

Պաքուի մէջ հայ պատանդներու դէմ դատավարութիւնները փաստացի բաց չեն. անոնց միջազգային իրաւապաշտպաններ, փաստաբաններ ու լրագրողներ ներկայ չեն, նիստերուն վերաբերեալ լուրերը կը հաղորդեն բացառապէս Ազրպէյճանի պետական լրատուամիջոցները, որոնց ներկայացուցած տեղեկութիւնները ճշդելու կարելիութիւն չկայ:

Պաքուի բանտերուն մջ, ըստ պաշտօնական տուեալներու, 23 հայ գերի կը պահուի: Անոնց մէկ մասը արդէն տարբեր մեղադրանքներով դատապարտուած է տեւական բանտարկութեան, միւս մասին, ներառեալ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դատավարութիւնը կը շարունակուի 8 ամիսէ ի վեր:

Պաքուի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի փակումէն ետք հայ գերիները յայտնուած են կատարեալ մեկուսացման մէջ: Անցած երեք ամիսներուն որեւէ միջազգային անկախ կառոյց անոնց հետ չէ տեսակցած:

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Ազրպէյճանէն պահանջած է 23 հայ գերիներու պահպանման եւ առողջական վիճակի մասին հաշուետուութիւն ներկայացնել` վերջնական ժամկէտ սահմանելով 4 նոյեմբերը:

Նախորդը

Միքայէլ Արք. Աջապահեան Դատապարտուեցաւ 2 Տարուան Ազատազրկման. ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Խստիւ Կը Դատապարտէ

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 217-ի Լուծում

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?