Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին միջազգային երկխօսութեան «Վալտայ» ֆորումի 22-րդ ժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Ռուսիան ծանօթացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Պաղեստինի վերաբերեալ ծրագիրին եւ կը թուի, թէ փապուղիի վերջաւորութեան լոյս կայ»:
Խօսելով Միջին Արեւելքի մէջ տագնապի մասին` ան ըսաւ. «Ինծի կը թուի, թէ փապուղիի վերջաւորութեան տակաւին լոյս կայ»` աւելցնելով. «Պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապը կարելի չէ լուծել արեւմտեան ձեւերով»:
Ինչ կը վերաբերի Ուքրանիոյ տագնապին, Ռուսիոյ նախագահը շեշտեց, որ իր երկիրը պատրաստ է բանակցելու` «յարգելով հասարակաց շահերը»:
«Ուքրանիոյ հետ քննարկումը պէտք չէ Քիեւին յաւելեալ զէնքեր ստանալ արտօնելու համար «կէս ժամ տեւողութեամբ զինադադար»-ի շուրջ ըլլայ, այլ յարաբերութիւններու վերականգնման պայմաններու պատրաստութեան շուրջ, ինչ որ կը ծառայէ շահերուն երկու ժողովուրդներուն, որոնք անկասկած իրարու կապուած են եղբայրական յարաբերութիւններով»:
Փութին նաեւ նշեց. «Ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները միայն անելի չեն մատնուած, այլ կը գտնուին պատմութեան մէջ ամէնէն ցած մակարդակին վրայ»:
Պատասխանելով Ուքրանիոյ «Թոմահոք» հրթիռներ մատակարարելու վերաբերեալ յայտարարութիւններուն առնչութեամբ հարցումի մը` Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց. «Չեմ բացառեր, որ Ուաշինկթընի Ուքրանիոյ թեւաւոր «Թոմահոք» հրթիռներ մատակարարելու մասին յայտարարութիւնները կրնան Միացեալ Նահանգներու մէջ ներքին խնդիրներէ եւ հանրային կարծիքը անոնցմէ շեղելու կարիքէն բխած ըլլալ»: