Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին յայտնած է. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը կը ջանայ բանակցութիւններուն իբրեւ հիմք եւ Ուաշինկթընէն «կանաչ լոյսով» զինուորական մագլցումէն խուսափելու համար Իրանը մղել ընդունելու չորս խիստ պայմաններ»:
«Չորս պայմանները կը ներառեն ուղղակի բանակցութիւններ կատարել, հիւլէական նիւթերու հարստացումը դադրեցնել, հրթիռներու ծրագիրին վերջ տալ եւ Միջին Արեւելքի մէջ իր գործակատարներուն ֆինանսաւորումը դադրեցնել», նշած է պաշտօնատարը:
«Այս պայմանները (բանակցութիւններու) նախկին փուլերուն մէջ գլխաւոր խոչընդոտներն էին, եւ Թեհրանի կողմէ ակնկալելի մերժումի պիտի արժանանան», աւելցուցած է ան:
Ամերիկացի պաշտօնատարը ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթին յայտնած է. «Ամերիկեան վարչակարգին կարծիքով, ժամանակը եկած է ճնշումը աճեցնելու, եւ պատժամիջոցները դիւանագիտական լուծումի համար ենթահող պիտի ստեղծեն»:
«Թեհրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու վերականգնումը իրանեան քաղաքականութեան մէջ շփոթ ստեղծեց եւ աւելցուց ճնշումները երկրին տնտեսութեան վրայ, որ արդէն նախկին պատժամիջոցներու հետեւանքներէն կը տառապի»:
ՄԱԿ-ի որոշումին հիմամբ վերականգնուած պատժամիջոցները կը ներառեն աւանդական զէնքերու մատակարարման արգիլումը, իւրանիոմի հարստացման արգիլումը, իրանեան թեւաւոր հրթիռներու ծրագիրին դէմ սահմանափակումներ, ինչպէս նաեւ ճամբորդութեան արգիլում եւ ելեւմտական միջոցներու սառեցում: