Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Վիրաւոր Մարզիկներով Հարուստ Եղանակ Մը

Հոկտեմբեր 2, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի նոր տարեշրջանը պիտի սկսի մօտ 1 ամիսէն, եւ անցեալ տարեշրջանէն վիրաւորներ կան, որոնք տակաւին չեն ապաքինած, մինչ մարզիկներ կան, որոնք այս տարեշրջանին կրնան նոյնիսկ չխաղալ:

Վիքթոր Ուեմպանեամա այժմ աւելի լաւ է եւ սկսած է փորձերու: Քայրի Ըրվինկ եւ Ճէյսըն Թէյթըմ կրնան վերադառնալ Նոր տարիին, մինչ Թայրիս Հալիպըրթըն եւ Տեմիըն Լիլըրտ շատ հաւանաբար չխաղան այս տարեշրջանին:

Ուեմպանեամա, որ Սան Անթոնիօ Սփըրզի ֆրանսացի աստղ սենթըրն է եւ ընտրուած «Օլ-Սթար» մրցումի մարզիկ, վերադարձած է փորձերու` ուսերէն մէկուն ջիղերուն լուրջ հարցերը լուծելէ ետք:

Այդ հարցերուն պատճառով ան կրնար մինչեւ իսկ լքել պասքեթպոլը: Ըրվինկի համար անցեալ տարեշրջանը կանուխ աւարտեցաւ` պատռելէ ետք ծունկին ետեւի խաչաձեւ կապերը, եւ այժմ ան կազդուրման շրջանի մէջ է, առանց վերադարձի յստակ թուականի, մինչ Թէյթըմի կրունկի հարցը աւելի մտահոգիչ կը թուի, եւ Պոսթըն Սելթիքսի համակիրները կ՛երազեն, որ ան վերադառնայ այս եղանակին:

«Ուեմպի»-ի վերադարձը կրնայ առաջին իսկ մրցումին ըլլալ` կանաչ լոյս ստանալէ ետք, բայց Ըրվինկ եւ Թէյթըմ պէտք է աւելի համբերեն վերադառնալու, սակայն ըստ երեւոյթին ճիշդ ճամբու վրայ են:

«Տեսանք, որ մեծ թիւով աստղեր վիրաւորուեցան այս տարի: Անոնք շատ կարեւոր էին իրենց խումբերուն համար: Մենք միշտ կ՛աղօթենք առողջ մնալու, միշտ իրար օգնելով միշտ յառաջդիմելու համար: Եւ կը կարծեմ, որ բոլորս ալ կը փորձենք փաստել, թէ մենք այլ աշխարհէ ենք եւ շուտով կրնանք դարմանուիլ», կատակեց Քայրի Ըրվինկ:

Կրունկի պատռուած մկանները կրնան աթլեթ մը ամբողջ 12 ամիսներ հեռու պահել դաշտերէն, բայց ըստ երեւոյթին Թէյթըմ կրնայ աւելի շուտ վերադառնալ: Հալիպըրթըն «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտականի 7-րդ եւ վերջին մրցումին պատռած էր իր կրունկի մկանը Ինտիանայի հետ, մինչ Լիլըրտ, որ վերադարձաւ Փորթլենթ Թրէյլ Պլէյզըրզ, շատ յոյս չունի վերադառնալու, մանաւանդ որ ան ալ Միլուոքիի հետ փլէյ-օֆին վիրաւորուած էր:

«Նպատակ չեմ դրած: Պարզապէս կ՛ուզեմ առողջ զգալ, 100 տոկոս ինքնավստահ, որ ամէն տեսակի շարժումներ ընելէ ետք ցաւ չզգամ… Թէ ե՛րբ կ՛ըլլայ այդ մէկը, չեմ գիտեր, վստահաբար ես պիտի ըլլամ այդ մէկը որոշողը», ըսաւ Լիլըրտ:

Անշուշտ աւելի կարճ ժամանակի վիրաւորներ ալ կան, ինչպէս Մայեմի Հիթի Թայլըր Հերրոն, որ հաւանաբար 1 ամիս ետք միանայ խումբին` վերաբուժութեան ենթարկելէ ետք իր ոտքը: Լոս Անճելըս Քլիփըրզ պիտի կեդրոնանայ Պոկտան Պոկտանովիչի (Եուրոպասքեթին վիրաւորուած) եւ Պրատլի Պիլի (աջ ոտքի վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ անցեալ մայիսին) վրայ, որոնք պիտի մասնակցին թեթեւ փորձերու` իրենց զիրենք գտնելու համար:

Ճէյլըն Ուիլիամս «Էն.Պի.Էյ.»-ի ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի հետ վերականգնումի մէջ կը գտնուի դաստակի պզտիկ վիրաբուժութենէ ետք:

Գրեթէ բոլոր մարզիկները դադարի մէջ էին, մինչ ֆրանսացի «Ուեմպի» յուսախաբութիւնը ետեւ ձգելով շատ աշխատեցաւ բարելաւուելու համար:

«Ինչ որ կատարեցի այս ամրան, համաշխարհային մակարդակի բան մըն էր: Նոյնիսկ արհեստավարժ աշխարհի մէջ չեմ կարծեր, որ ինծի չափ որեւէ մէկը մարզուեցաւ պատրաստուելու նոր եղանակին», ըսաւ Վիքթոր Ուեմպանեամա:

Նախորդը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Եւ Պայերն Միւնիխ Յաղթեցին. Լիվըրփուլ Պարտուեցաւ

Յաջորդը

Ճատրակ. Քարուանա Յաղթեց Արոնեանին Եւ Հասաւ Աւարտական

RelatedPosts

Ճատրակ.  Քարուանա Յաղթեց Արոնեանին Եւ Հասաւ Աւարտական
Մարզական

Ճատրակ. Քարուանա Յաղթեց Արոնեանին Եւ Հասաւ Աւարտական

Հոկտեմբեր 2, 2025
«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Եւ Պայերն Միւնիխ Յաղթեցին. Լիվըրփուլ Պարտուեցաւ
Մարզական

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Եւ Պայերն Միւնիխ Յաղթեցին. Լիվըրփուլ Պարտուեցաւ

Հոկտեմբեր 2, 2025
Թենիս.  Ճոքովիչ Կը Շարունակէ
Մարզական

Թենիս. Ճոքովիչ Կը Շարունակէ

Հոկտեմբեր 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?