Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. 22-րդ Կէտը

Հոկտեմբեր 1, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազայի հարցի լուծման համար ամերիկեան 21 կէտնոց նախագիծի հրապարակումը չի նշանակեր անշուշտ, որ միանգամայն խաղաղութիւն պիտի հաստատուի: Առաւել եւս` ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի հրաբխային իրավիճակը հանդարտի, ինչպէս կը նշեն ամերիկեան պաշտօնական յայտարարութիւնները:

Հիմա գնդակը գլորուած է Համասի կիսադաշտ: Համասը ընտրանքի առջեւ է, ինքզինք լուծարելով Կազան փրկելու: Այդ փրկութիւնը սակայն իր իւրայատուկ նախապայմանները ունի եւ ըստ էութեան Կազան կը դարձնէ Իսրայէլի համար անվտանգ, որեւէ սպառնալիք չեղող միջազգային հովանաւորութիւն ունեցող շրջանի:

Նոյնիսկ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը խնդրոյ առարկայ է, մանաւանդ որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը պարզ դարձուց, որ ինք համաձայնութիւն չէ տուած այդ առաջադրանքին:

Անցումային կառավարութեան մասին կայ յատուկ կէտ: Կառավարման մարմինին պիտի ներառուին պաղեստինցի ոչ քաղաքական, մասնագիտական մարդուժի ներկայացուցիչներ եւ միջազգային փորձագէտներ: Նախքան նախագիծի հրապարակումը, կը շրջէր Թոնի Պլերի անունը: Յայտնաբար այդ խումբը պիտի ղեկավարէ Բրիտանիոյ նախկին վարչապետը:

Անցումային կառավարութեան աշխատանքները պիտի վերահսկուին յատուկ խորհուրդի կողմէ, որուն ղեկավարութիւնը պիտի ստանձնէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը: Այս հանգամանքը կարեւոր է: Նախագահ Թրամփ անձնապէս կը ներգրաւուի այս ձեւաչափին եւ իր երաշխաւորութիւնը կ՛ամրագրէ Կազայի հակամարտութեան լուծման: Հեռանկարը, որ կ՛առաջադրուի այս նախագիծով, Կազան դարձնել է ներդրումային գրաւիչ եւ զարգացող շրջանի: Այստեղ անմիջապէս պէտք է յիշել ամիսներ առաջ Թրամփի յայտարարութիւնը` Կազան Ռիվիերայի վերածելու, որ բնականաբար մեծ տարակուսանքով ընդունուեցաւ հանրային կարծիքին թէ ընդհանրապէս քաղաքագիտական շրջանակներուն կողմէ:

Բայց գանք Թրամփի անհատական ներգրաւուածութեան եւ անմիջապէս յիշենք Թրիփփի շուրջ կայացած համաձայնութիւնը: Թրիփփով ապաշրջափակելի հաղորդուղիներու կարեւորութեան մասին խօսելով Ուաշինկթընի մէջ դարձեալ ցոյց տրուած էր տնտեսական զարգացման հեռանկար, եւ գերշահոյթներու մասին նոյնիսկ ակնարկներ կատարուած էին:

Յստակ է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին-ներքին քաղաքականութեան առանցքային բաժինները պիւտճէի խնդիրներն են, նոր եկամուտներու ապահովումը, այլ տեղեր կրճատումներ կատարելը եւ ներդրումային նոր միջավայրեր ստեղծելը: Զուգահեռը այս պարագային տեսանելի է շարժառիթներու եւ հեռանկարներու առումներով:

Համասին ամերիկեան նախագիծը միանգամայն չմերժելը նշանակութիւն ունի: Այստեղ առնչակից պետութիւններ պիտի աշխատին Համասի ճամբով Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններ վարելու: Անուղղակի բանակցութիւններ վարելու համար իբրեւ Համասի վրայ ազդեցութիւն ունեցող երեք երկիր առաջին հերթին կը ներկայանան: Քաթարը, Իրանն ու Թուրքիան: Քաթարն ու Թուրքիան իրենց համաձայնութիւնը տուած են ամերիկեան նախագիծին: Քաթարը վերստանձնած է միջնորդական առաքելութիւնը: Տոհայի մէջ տեղի կ՛ունենան  Թուրքիա-Քաթար-Համաս բանակցութիւններ, յայտնաբար ընդունիլ տալու համար նախագիծը:

Իրանը լուռ է: Շատ բան կախեալ է ուրեմն Իրանէն Համասի պատասխանի բանաձեւման համար: Բնականաբար այս օրակարգը առանցքային է Ուաշինկթըն-Թեհրան գիծի վրայ: Հոս դարձեալ պէտք է վերյիշել Ուաշինկթընի պաշտօնական յայտարարութիւնը առ այն, որ այս նախագիծին շուրջ համաձայնութիւնը ամբողջ Միջին Արեւելքին կը վերաբերի եւ ոչ միայն Կազային: Ըստ էութեան ուրեմն նախագիծին շուրջ Թեհրանի համաձայնութիւնը էական է: Չձեւակերպուած 22-րդ կէտը:

«Ա.»

Նախորդը

Նեթանիահու. «Կը Զօրակցիմ Կազայի Պատերազմին Վերջ Տալու Թրամփի Ծրագիրին»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (1 Հոկտեմբեր 2025)

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?