27 սեպտեմբերին` 44-օրեայ պատերազմի 5-րդ տալելիցի օրը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներն ու «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները այցելեցին Եռաբլուր պանթէոն:
Անոնք ծաղիկներ դրին Եռաբլուրի գերեզմաններուն վրայ` ի յիշատակ նահատակ հայորդիներու, որոնք անմնացորդ նուիրուեցան հայրենիքի ազատագրութեան պայքարին:
«Լեռնային Ղարաբաղի հարցը փակուած չէ», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան:
«Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերն ու Արցախի պաշտպանութեան բանակը ունեցած են այնպիսի իրավիճակ, որ ի վիճակի էին հասնիլ յաջողութիւններու, եթէ նոյնիսկ չյաղթել, ապա իրենց առջեւ դրուած խնդիրը պաշտպանութեան մէջ իրականացնել, մանաւանդ այն հատուածին մէջ, ուր հակառակորդը մէկ արահետով մխրճուած եւ հասած էր Շուշի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններ: Իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները վատնեցին տարիներու ընթացքին կուտակուած բանակցային պաշարները, ինչ որ յանգեցուց Լեռնային Ղարաբաղի կորուստին: 2019 թուականին մերժեցին միջնորդական առաջարկները եւ իրենց անհասկնալի յայտարարութիւններով արագացուցին 44-օրեայ պատերազմը», ըսաւ ան:
Պաշտպանութեան նախկին նախարարին կարծիքով, Ազրպէյճան իր գործողութիւններով աւելի սրած է տագնապը, իսկ տեղի ունեցածի պատասխանատուն Հայաստանի իշխանութիւններն են:
ՀՅԴ-ի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Այս իշխանութիւնները ամէն ինչ կ՛ընեն, որ արցախցիները ոչ միայն չկարենան վերադառնալ հայրենիք, այլեւ լքեն Հայաստանը»:
ՀՅԴ-ի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեանի համաձայն, իշխանութիւն կոչուածները որեւէ պատասխանատուութեան զգացում չունին: «Այս իշխանութիւնը ամէն ինչ կ՛ընէ, որ մոռացութեան մատնէ մեր հերոս նահատակներու փառքի ուղին, որ ջնջեն մեր պատմութիւնն ու յիշողութիւնը», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ան:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան իր հերթին նշեց. «Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները չեն կրնար փակել Արցախի էջը, ես կը հաւատամ ժողովուրդի ուժին, դեռ շատ նուաճումներ պիտի ունենանք»:
Եռաբլուր այցելեցին նաեւ Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը, Արցախի թեմի առաջնորդը, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեանը, Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, քաղաքական գործիչներ: