Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 29, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «Ռաուշէի ժայռի լուսաւորման հարցին շուրջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի եւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի միջեւ ծագած տարակարծութիւնը կարելի եղած է շրջանցել միջնորդութեան ճամբով, որ յաջողած է երկու կողմերուն տեսակէտներ մերձեցնել` կեդրոնանալով դէպքերուն ժխտական զարգացում ունենալու առիթ չընծայելուն վրայ:

. ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սալամի աղբիւրները «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Ո՛չ հրաժարելու կը պատրաստուի, ո՛չ ալ ինքզինք աշխատանքէ զերծ կացուցելու, սակայն շատ նեղացած է տեղի ունեցողէն եւ կը սպասէ հետաքննութիւններու արդիւնքին` իմանալու համար այն բացթողումները, որոնք Հըզպալլայի անդամներուն արտօնեցին շրջանցել Պէյրութի նահանգապետի որոշումը եւ զայն տապալել»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Վարչապետ Սալամի ուրբաթ կէսօրէ առաջ իր տան մէջ ունեցած հանդիպումները ինքնաբուխ էին եւ պետութեան տրամաբանութիւնը պաշտպանելու ծիրին մէջ` ընդդէմ փոքր պետութեան ճնշումին, եւ Սալամ կը թուէր վճռական ըլլալ որոշումը խախտողները հաշուետուութեան ենթարկելու հարցին մէջ ետդարձ չկատարելու առումով»:

.«ԱՆՊԱ ԷԼԵՔՐՈՆԻԱ». «Սալամ լաւ գիտէր, թէ կառավարութիւնը իր գլխաւորելը եւ զինաթափման վրայ շեշտելը, Թաէֆի համաձայնութեան ու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան վրայ պնդելը սկսաւ փոքր պետութեան իշխանութեան պետութեան հաշուոյն ընդլայնուելուն խոչընդոտ դառնալ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Վարչապետ Սալամ Լարիժանիի յարաբերութիւններու բարելաւման ու զարգացման փափաք յայտնելուն պատասխանեց ըսելով. «Մենք եւս կ՛ուզենք այդ յարաբերութիւնները բարելաւել, սակայն ամէն անգամ մեզի այցելելէդ առաջ կը հնչեն իրանեան յայտարարութիւններ, որոնք լիբանանեան հարցերուն միջամտութիւն են»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ քուէյթեան «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Հըզպալլայի հաւաքը Ռաուշէի ժայռին մօտ կատարելու ընտրանքին նպատակը սկիզբէն ժայռը կուսակցութեան երկու նախկին ընդհանուր քարտուղարներու պատկերներով լուսաւորելն էր, եւ եթէ այդպէս չըլլար, հաւաքը Ռամլեթ Պայտայի մայրուղիին վրայ կատարուած կ՛ըլլար»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Վարչապետ Սալամ Ռաուշէի ժայռի լուսաւորումէն առաջ եւ վերջ արձակած կեցուածքներուն հետեւանքով ինքզինք գտաւ դժուար կացութեան մէջ, եւ թերեւս հարցին բարդացումը զինք մղեց նախարարները իր շուրջ համախմբելու համար խորհրդակցական հանդիպումի հրաւէրով ելք մը գտնելու»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Այս տագնապը շատ փոքր է եւ արժանի չէ այն լարուածութեան, որուն հասաւ: Սալամ իր սուր կեցուածքներով հաւաքին աւելի մեծ խթան տուաւ, ինչ որ յանգեցաւ մեծաթիւ ներկայութեան, եւ եթէ քանի մը օր առաջ այդ հաւաքին մասին գրուածը չգրուէր, անիկա աննկատ կերպով կ՛անցնէր»:

. ՆԻՒ Եորք գտնուող լիբանանեան պատուիրակութենէն աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ հանդիպումին ընթացքին լիբանանեան տեսակէտին նկատմամբ հասկացողութիւն ցուցաբերեց»:

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «յառաջիկայ փուլին բանավէճերը ամէնէն ակներեւ ազդակը պիտի ըլլան, մանաւանդ որ պահ դրուած գումարները ջնջելուն ի նպաստ քուէարկող երեսփոխաններուն համար քաղաքական գինը կրնայ սուղ ըլլալ»:

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամներն Ու «Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Այցելեցին Եռաբլուր

Յաջորդը

Լարիժանի-Շէյխ Քասեմ Հանդիպում

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?