Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ ընդունեց Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանին` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի իսլամական հանրապետութեան դեսպան Մուժթապա Ամանիի:
Լարիժանի հանդիպումի ընթացքին շեշտեց, որ Իրան Լիբանանի եւ Դիմադրութեան կողքին կը կանգնի եւ անոնց կ՛աջակցի` հիմնուելով Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի ցուցմունքներուն վրայ, «եւ Իրան պատրաստ է Լիբանանին ու անոր Դիմադրութեան ամէն մակարդակի աջակցութիւն ցուցաբերելու»:
Շէյխ Քասեմ շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանին, անոր ղեկավարութեան, կառավարութեան ու ժողովուրդին, երկու սէյիտներուն եւ մնացեալ նահատակներուն ցաւակցութիւն յայտնելնուն համար, եւ Լիբանանին ու անոր Դիմադրութեան անոնց մատուցած օժանդակութեան համար:
«Լիբանան հաստատ կը կանգնի մարտահրաւէրներուն եւ ամերիկեան-իսրայէլեան սպառնալիքներուն առջեւ, եւ դիմադրող ժողովուրդը հպարտութեան եւ ազատագրութեան ու անկախութեան աջակցութեան բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուի, եւ ան, որ անոնց մարդոց քաջարի կեցուածքները կը տեսնէ, կը հաւատայ, թէ իսրայէլացի թշնամիի դիմակայման մէջ յաղթանակը անոնց կողքին է», ըսաւ ան:
Շէյխ Քասեմ շեշտեց. «Հըզպալլան բոլորին նկատմամբ դրական տրամադրուած է, եւ պատրաստ է ամէն տեսակի գործակցութեան անոնց հետ, որոնք կը կանգնին իսրայէլեան թշնամիին դէմ, որ առանց բացառութեան բոլորին վտանգ կը ներկայացնէ, ինչպէս նաեւ վտանգ մը ժողովուրդներուն, վարչակարգերուն եւ Դիմադրութեան համար»:
«Մենք կը հաւատանք, որ իսրայէլեան թշնամական ուժը անոր դէմ այս հոյակապ դիմադրողականութեան լոյսին տակ ամօթալի աւարտ մը պիտի ունենայ», աւելցուց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը: