Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շաբաթ օր վարչապետարանին մէջ ընդունեց Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանին մէջ վերջին զարգացումներուն եւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն:
Վարչապետ Սալամ հանդիպումի ընթացքին շեշտեց, թէ Լիբանան-Իրան յարաբերութիւններու ճշգրտումը պէտք է հիմնուած ըլլայ երկու կողմերու գերիշխանութեան փոխադարձ յարգանքին եւ իրարու ներքին հարցերուն չմիջամտելու սկզբունքներուն վրայ:
Նշենք, որ Լարիժանի շաբաթ օր Լիբանան եկաւ` մասնակցելու համար Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղարներ սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի նահատակութեան միամեակի ոգեկոչման հանդիսութեան:
Աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած են. «Վարչապետ Սալամ Լարիժանիի` յարաբերութիւններու բարելաւման ու զարգացման փափաք յայտնելուն պատասխանեց ըսելով. «Մենք եւս կ՛ուզենք այդ յարաբերութիւնները բարելաւել, սակայն ամէն անգամ մեզի այցելելէդ առաջ կը հնչեն իրանեան յայտարարութիւններ, որոնք լիբանանեան հարցերուն միջամտութիւն են»: